Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ Այցելեց Հարաւային Լիբանան

January 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ անցեալ տարեվերջին այցելեց հարաւային  Լիբանան: Նաքուրայի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:

Սարրաֆ շնորհաւորեց միջազգային խաղաղապահ ուժերը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով:

Սարրաֆ այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի դիրքերը եւ դրուատեց բանակին պատրաստուածութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ պահպանել հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ենթադրեալ գետնափոր փապուղիներու մասին կատարուած յայտարարութիւններէն ետք:

Սարրաֆ ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան  խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` հաստատելով, որ Լիբանան ոչ մէկ միտում ունի այս կամ այն կողմին դէմ յարձակում գործելու:

Սարրաֆ շեշտեց նաեւ, որ Իսրայէլ 2018-ին  Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործած իր ոտնձգութիւններով նոր մրցանիշ մը հաստատած է, եւ միջազգային ընտանիքին պարտականութիւնն է ճնշում բանեցնել` կասեցնելու համար այդ ոտնձգութիւնները:

Սարրաֆ այցելեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցը Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ: Ան շեշտեց լիբանանեան բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ դերակատարութեան կարեւորութիւնը` հարաւային Լիբանանի սահմանային կայունութեան պաշտպանութեան իմաստով:

Սարրաֆ այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հարաւային Լիթանիի դիրքերը, ուր ողջունեց բանակը` շեշտելով, որ բանակը յանձնառու է Լիբանանի ապահովութեան եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան պաշտպանութեան:

 

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Ժամանակն Է Արդէն, Որ Լիբանան Ունենայ Իր Կառավարութիւնը»

Յաջորդը

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. 7 Յունուարին Պետական Եւ Սեփական Դպրոցները Փակ Պիտի Մնան

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.