ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը Քֆարքիլայի հանդիպակաց շրջանին մէջ սկսան դարձեալ փորելու եւ սահմանային հսկողութիւնը խստացնելու:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ 2019-ին դեղորայքի սակերու արմատական փոփոխութիւն պիտի արձանագրուի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւնը պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մօտ իշխանութեան վրայ ըլլալու անյագ մարմաջը կը խոչընդոտէ ներկայ իշխանութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
ՍԻՒՆՆԻ խորհրդակցական հանդիպումի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին իրենց ոչ մէկ նորութիւն փոխանցուած է: Ան հաստատեց, որ հանդիպումը կ՛ուզէ ունենալ նախարար մը, որ կը նշանակուի սիւննի անկախ երեսփոխաններուն կողմէ եւ միայն զանոնք կը ներկայացնէ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Կիպրոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Քլոտ Հաժալը, որուն հետ քննարկեց Կիպրոսի մարոնի համայնքին ներկայ իրավիճակը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ Վերանորոգումի եւ բարգաւաճման խորհուրդին դէմ բողոք ներկայացուց Պրազիէի թունաւոր ցեխը Պեքաայի բարձունքներուն վրայ նետելու յանցանքին պատճառով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն ընդգծեց, որ նախաձեռնութեան նպատակն էր, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը առաջարկէ իր պլոքը ներկայացնող նախարարի թեկնածուին անունը` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ հանրապետութեան նախագահին յատուկ չափաբաժինէն կարելի չէ հրաժարիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ լեզուն ինքնութիւն է` հաստատելով, որ պէտք է լիբանանցիները քաջալերել, որպէսզի կարդան: Ան շեշտեց, որ ընթերցանութիւնը շատ կարեւոր է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր հաստատեց, որ առանց մսխումը կասեցնող կառավարութեան քաղաքական կայունութիւն պիտի չարձանագրուի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն զգուշացուց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրելիք յաւելեալ յապաղումէն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը կառավարութեան մէջ ներկայացնելու առումով նոր միտքեր եւ գաղափարներ գոյութիւն ունին: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներէն, հաստատեց, որ Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը հասկացողութիւն ցուցաբերած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւններուն նկատմամբ:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պատրաստ չէ սիւննի իր նախարարը զիջելու անկախ սիւննի երեսփոխաններուն: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ճիգերը պիտի շարունակուին` մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ այս շաբաթավերջին կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւն մը կազմել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի մերժեց կառավարութեան մաս կազմող նախարարներուն թիւը 36-ի բարձրացնելու արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջարկը:
«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, նախարարութիւնները քաղաքական ուժերուն միջեւ բաժնելու հարցը կարելի եղած է շրջանցել:


