Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 2019-ի Բացառիկի Խմբագրական. Նոր Հայաստան, Լիբանանահայ Քաղաքական Գործօն Եւ Աշխատանքային Ուղենիշեր

January 3, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փակուող տարին անկիւնադարձային էր Հայաստանի Հանրապետութեան նոր մեկնարկ ապահովելու առումով: Մայիսեան համաժողովրդային պոռթկումը վերջ դրաւ տարի մը առաջ խորհրդարանական ընտրութիւններով վերահաստատուած վարչակարգին: Համակարգ, որ սկզբունքով նորացուած սահմանադրութեամբ միանձնեայ ղեկավարման գործառոյթները հետզհետէ պիտի սկսէր զիջիլ`  փոփոխութեան փուլային իրականացումի որոշ հեռանկար ուրուագծելով: Ուշացող բարեփոխումները, յամեցող յոռի բարքերը, հարստապետական կարգերուն եւ ժողովուրդին միջեւ անջրպետի խորացման միտումները պարարտ ենթահող պատրաստեցին յեղափոխական միջոցներու դիմելու:

Գործադիր իշխանութենէն ետք օրէնսդիր ժողովը եւս հիմնովին փոխած շարժումը ընդդէմէն յանունի անցում կատարելու հրամայականին առջեւ կանգնած է: Ստանձնելով հսկայական պատասխանատուութիւն` միաբեւեռ իշխանութիւնը բոլոր պատճառները ունի պետական արհեստավարժ մարդուժը առաւելագոյնս համախմբելու, քաղաքացիական հարթութենէն ոստում կատարելու դէպի պետական-քաղաքական դաշտ. համապատասխան ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու: Եւ այդ ճանապարհին խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական կուսակցութիւններուն, համահայկական կազմակերպութիւններուն հետ լիարժէք համագործակցելու ուղիները ճշդելու:

Եթէ հայրենիքի մէջ ընտրութիւնները արտահերթ էին` ժողովուրդի կամարտայայտութեամբ ճշդուած, ապա Լիբանանի մէջ հերթական էին, ընտրական նոր օրէնսգիրքով: Ընտրակարգ մը, որ քաղաքագիտական բացատրութեամբ խառնուրդն էր համամասնականի, համայնքայինի եւ մեծամասնականի կամ վարկանշայինի: Այս բարդ դրուածքը դարձեալ չյաջողեցաւ համալիբանանեան մակարդակով հիմնովին իրողական ներկայացուածութեամբ խորհրդարան մը ձեւաւորել: Նուազագոյն քուէներ ստանալով համայնքի ներկայացուցիչներ խորհրդարան հասան, մինչ հայ համայնքի կազմակերպ կեանքէն հեռու գտնուող մարդիկ իրաւականօրէն համայնքը ներկայացնելու երեսփոխանական կարգավիճակ ստացան: Այս բոլորով հանդերձ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի աստիճանական վերականգնման առաջին փուլը կայացաւ:

Տարին համայն հայութեան համար Ա. Հանրապետութեան, աւելի ճիշդը Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, հիմնադրումին 100-ամեակով յատկանշուելու բոլոր պատմաքաղաքական նախադրեալները ունէր: Համազգային գիտակցութեան որոշակի բացթողումներ նկատուեցան: Եթէ հայրենիքի մէջ իշխանափոխութեան անցումային ժամանակաշրջանին զուգադիպեցաւ 100-ամեակի նշումը եւ ակնկալուած տարողունակութիւնը չապահովեց, ապա հայրենիքէն դուրս գաղափարաքաղաքական կարծրատիպեր պատճառ դարձան, որ համազգային հնչեղութեան ակնկալուած արդիւնքները չարձանագրուին:

Այնուամենայնիւ, 100-ամեակը պէտք է ընկալել վերականգնած անկախ պետականութեան կենսագործունէութեան երկուքուկէս տարիներու ժամանակաշրջանով եւ այդ միջոցին արձանագրուած կարեւորագոյն գործընթացներու վերարծարծման առիթով. ուրեմն, հետագայ մէկուկէս տարուան կտրուածքով` յոբելենական նշումներու հասկացողութեամբ: Անոնցմէ` Նեմեսիսն ու Սեւրը նշումներու հրամայականը կը յուշեն: Զուգահեռ` միջազգային իրաւագիտութեամբ փաստելու համար որոշ պայմանագիրներու անվաւերականութիւնը:

Նոր Հայաստանի կայացման առաջադրանքէն անցնելով սփիւռքեան կարեւոր միջնաբերդին մէջ հայկական քաղաքական գործօնի վերականգնման նպաստող աշխատանքներու առաջնահերթութիւն, հասնելու համար 100-ամեակին հետ կապուած շատ կարեւոր պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու վերարծարծում` այս բոլորը կը նախանշեն փակուողէն դէպի բացուող տարի բազմաթիւ ուղղութիւններով նախապատրաստուելու հրամայականները:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստանը Իսկապէս Կրնայ Դառնալ Երկրագունդի Ամէնէն Պայծառ Կէտերէն Մէկը»

Յաջորդը

«Մարքա». Մեսսի` 2018 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.