«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը մօտեցած են նախագահական պալատին եւ կը գտնուին անկէ 1 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Ականատեսներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ աւելի քան 500 ցուցարարներ մօտեցած են նախագահական պալատին, իսկ ոստիկանութիւնը անոնց դէմ արցունքաբեր կազ կիրարկած է: Սուտանի դրօշը բարձրացուցած ցուցարարները կը բացագանչէին վարչակարգին տապալումը պահանջող կարգախօսներ:
Արեւելեան Սուտանի Քասարիֆ քաղաքին մէջ ոստիկանութեան հետ բախումի ընթացքին սպաննուեցան 2 ցուցարարներ եւ աւելի քան 20 ուրիշներ վիրաւորուեցան:



