Ըստ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը` 18 դեկտեմբերին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով կրցած են որոշ փոխըմբռնման գալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով:
Մամետեարով այս հաստատումը կատարեց Պաքուի մէջ տեղի ունեցած երկրին դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն նուիրուած ընդունելութեան ընթացքին:
«Կը կարծեմ, որ Միլանոյի մէջ հայ գործընկերոջս հետ վերջին հանդիպումին ընթացքին առաջին անգամ հասանք փոխըմբռնման, ինչ որ չէինք յաջողեր երկար ժամանակէ ի վեր: Մենք պիտի փնտռենք տագնապի լուծման ուղիներ, իսկ Ազրպէյճան կողմ է տագնապի խաղաղ լուծման», աւելցուց Մամետեարով` նշելովե որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին հանդիպում մը եւս պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Մամետեարով նաեւ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը 2019-ին պիտի շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական հարցը:
«Հիմնական նպատակն է հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու: Ասիկա, կը կարծեմ, ոչ միայն իմ, այլ նաեւ իւրաքանչիւր ազրպէյճանցիի երազն է», եզրակացուց Մամետեարով:
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան պարզաբանում կատարած է Միլանոյի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած փոխըմբռնման վերաբերեալ, որուն մասին խօսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը ընդգծած է, որ Միլանոյի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները հրապարակուած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
«Մասնաւորապէս, հանդիպումին յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Զոհրապ Մնացականեանն ու Էլմար Մամետեարովը պայմանաւորուեցան յառաջիկային շարունակել հանդիպումները` պահպանելով ձեւաւորուած շարժը»:
Մէկ այլ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ միացեալ յայտարարութեան վերաբերեալ: Նման ձեւաչափով յայտարարութիւններ երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չէր ըլլար ընդունիլ, այնուամենայնիւ, Միլանոյի մէջ կարելի եղաւ համաձայնութիւն ձեռք բերել յայտարարութեան բնագիրին շուրջ», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրի էջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:



