Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեանը Կ՛արտայայտուի Արցախեան Տագնապին Մասին

December 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը վստահեցուց, Արցախի հարցով նոր բան չկայ: Այս մասին ան յայտարարեց լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը փոխըմբռնման հասած են:

«Ես աւելի կ՛ուզէի մեկնաբանել մեր յայտարարութիւնները: Միլանոյի մէջ  համանախագահներու հետ հանդիպումին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հաղորդագրութիւն մը տարածած են, եւ ըսուած է, որ երկար ժամանակ չէր յաջողած նման բան: Նմանատիպ բազմաթիւ յայտարարութիւններ եղած են վերջին 25 տարիներուն», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ հանդիպումին` Փաշինեան ըսաւ, որ Քասփրչիքի այցելութիւնները նորութիւն չեն եւ աշխատանքային բնոյթ կը կրեն: «Անոնք նախապէս չէին լուսաբանուեր, բայց ես յանձնարարած եմ, որ բոլոր յարաբերութիւնները, հանդիպումները լուսաբանուին, որովհետեւ կը կարծեմ` այս հոլովոյթը պէտք է թափանցիկ ըլլայ», ըսաւ ան:

Խօսելով հայաստանեան տարբեր մեկնաբաններու կողմէ կատարուած վերլուծութիւններուն մասին` վարչապետի պաշտօնակատարը ըսաւ. «Երբ մեկնաբանութիւն մը կը հնչէ Ազրպէյճանի կողմէ, որ  լաւատեսական տարր կը պարունակէ, զիս կը զարմացնէ, որ  հայաստանցի շարք մը մեկնաբաններու առաջին կանխավարկածը այն է, որ ինչ որ դաւադրութիւն կայ, իսկ ինչո՞ւ չկայ այնպիսի կանխավարկած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը թերեւս յաջողած է համոզիչ փաստարկներ բերել»:

Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի ոչ մէկ իշխանութիւն Արցախի հարցով այնքան թափանցիկ չէ եղած, որքան իրենց կառավարութիւնը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ ազրպէյճանական կողմի այն յայտարարութեան, թէ Նախիջեւանի սահմանին անոնք յաջողած են իրենց հսկողութեան տակ առնել 11.000 հեկտար տարածք:

Վարչապետի պաշտօնակատարը յիշեցուց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը քանի մը անգամ լրագրողներու խումբին հրաւիրած է նշուած տարածք եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացուցած է իրավիճակին:

«Ես կը տեսնեմ, որ նախորդ կառավարութեան ներկայացուցիչները մեկնաբանութիւններ կը կատարեն Նախիջեւանի տարածքներուն հետ կապուած: Նախիջեւանի ուղղութեամբ ինչ դիրքային խնդիրներ որ տեղի ունեցած են, տեղի ունեցած են փետրուար-մայիս ամիսներուն` վարչապետ ըլլալէս առաջ:  Այսպէս ըսեմ` երկու կողմէն ալ տեղի ունեցած են դիրքային տեղաշարժեր: Ես պաշտօնապէս կ՛ըսեմ, որ այն տարածքները, որոնք 8 մայիսի դրութեամբ եղած են Հայաստանի զինուած ուժերու  վերահսկողութեան ներքեւ, կը շարունակեն մնալ Հայաստանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան ներքեւ», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Ղեկավարութեան Կազմի Թեկնածուները Յայտնի Են

Յաջորդը

«Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Առաջին Անգամն Ըլլալով Որոշ Փոխըմբռնման Հասած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Գծով» Կ՛ըսէ Մամետեարով

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.