Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հունգարիոյ Մէջ Բողոքի Լայնածաւալ Ցոյցեր

December 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն Հունգարիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին մօտ եւ կը պահանջեն աջակողմեան վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կառավարութեան հրաժարականը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ցուցարարները կը վանկարկեն «Մենք պիտի չհեռանանք» եւ «Անոնք տիւ ու գիշեր կը խաբեն» կարգախօսները, որոնք հասցէագրուած են պատկերասփիւռի կայանին:

Պետական պատկերասփիւռի կայանի անվտանգութեան ծառայութիւնը երկուշաբթի օր ուժի դիմելով շէնքէն հեռացուցած է Հունգարիոյ խորհրդարանի երկու անկախ երեսփոխաններ Պեռնատեղ Շելին եւ Աքոս Հատազին, երբ անոնք փորձած են սփռումի ընթացքին կարդալ Օրպանի դէմ յայտարարութիւն մը:

Ընդդիմութեան համոզումով, Օրպան հետզհետէ աւելի կը զօրացնէ իր անձնական իշխանութիւնը եւ կը խստացնէ հսկողութիւնը երկրի դատարաններուն, մամուլին եւ քաղաքական ամբողջ համակարգին նկատմամբ:

Ըստ արեւմտեան լրատու գործակալութիւններուն, Հունգարիոյ մէջ այս օրերու բողոքի ցոյցերը աննախադէպ են առնուազն անցած քանի մը տարիներուն համեմատ:

Հանրութեան զայրոյթը գագաթնակէտին հասած է այն բանէն ետք, երբ ընդունուած է աշխատանքային նոր օրէնսգիրքը, որ կ՛ընձեռէ վեցօրեայ աշխատանքային շաբաթը վերականգնելու կարելիութիւնը:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Անկարելի Կը Նկատէ «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Բրիտանիոյ Հետ Նոր Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Թրամփ Էրտողանին Չէ Խոստացած Կիւլենը Արտայանձնել Թուրքիոյ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.