Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի հարաւային սահմանին վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները:
Տել Քոլ նոյն նիւթով հանդիպում ունեցած էր նաեւ Վարչապետ Սաատ Հարիրի հետ` Կեդրոնական Պէյրութի անոր բնակարանին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին:
Միւս կողմէ, Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը հսկեն սահմանային Կապոյտ գիծին` լիբանանեան զինուած ուժերու եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ լարուածութեան մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք: Խաղաղապահ ուժերը տարածուած են սահմանին շուրջ` կանխելու համար կայունութիւնը խաթարող որեւէ դէպք: Թինընթի դիտել տուաւ, որ շրջանին մէջ վիճակը հանդարտ է, եւ խաղաղապահ ուժերը գետնի վրայ ներկայութիւն են:



