Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի` Եմէնի պատերազմին եւ լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցերուն առնչուած վերջին որոշումները երկրին ներքին հարցերուն բացայայտ միջամտութիւն են եւ կը հարուածեն թագաւորութեան շրջանային ու միջազգային դերակատարութիւնը:
Նախարարութիւնը մերժեց իր ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութիւն կամ իր ղեկավարութեան` թագաւորին ու գահաժառանգին որեւէ վարկաբեկում կամ երկրին գերիշխանութեան ու վարկին որեւէ ոտնահարում:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց երկիրը չներքաշելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքական ներքին վէճին, որպէսզի երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական եւ կարեւոր յարաբերութիւնները չվնասուին:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զարմանք յայտնեց դաշնակից ու բարեկամ երկրի մը մէկ կառոյցին անդամներուն կողմէ որդեգրուած կեցուածքին նկատմամբ` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքը պիտի չազդէ արաբական երկրին շրջանային, արաբական, իսլամական եւ միջազգային դերակատարութեան վրայ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Խաշոկճիի սպանութիւնը «մերժելիոճիր մըն է եւ չ՛արտայայտեր թագաւորութեան քաղաքականութիւնն ու կառոյցներուն գործելաոճը», եւ ընդգծեց, թէ կը մերժէ այդ հարցը Սէուտական Արաբիոյ մէջ ունեցած արդարադատական հոլովոյթէն դուրս բերելու որեւէ փորձ:
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ թագաւորութիւնը կը շարունակէ ջանք թափել, որպէսզի եմէնեան կողմերը հասնին քաղաքական լուծումի:



