Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իմ Քայլը» Դաշինքը Ստացած Է Քուէներուն 70,42 Առ Հարիւրը, ԲՀԿ-ն` 8,26 Առ Հարիւրը, «Լուսաւոր Հայաստանը»` 6,37 Առ Հարիւրը

December 17, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ամփոփած է 9 դեկտեմբերին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները, որոնք նիստի ընթացքին ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի  նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:

Մշակուած են բոլոր 2010 ընտրատեղամասերէն ստացուած տուեալները. ըստ այդմ` առաջին տեղը  «Իմ քայլը» դաշինքն է` 70,42 առ հարիւր ձայներով: Դաշինքի օգտին քուէարկած է 884.864 ընտրող:

Ընտրողներուն ձայները բաշխուած են հետեւեալ ձեւով.

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն- 59.083 ընտրող կամ 4,70 առ հարիւր:
«Քաղաքացու որոշում» ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւն- 8.514 ընտրող կամ 0,68 առ հարիւր:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն- 48.816 ընտրող կամ 3,88 առ հարիւր:
«Իմ քայլը» դաշինք- 884.864 ընտրող կամ 70,42 առ հարիւր:
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն- 80.047 ընտրող կամ 6,37 առ հարիւր:
«Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւն- 6.458 ընտրող կամ 0,51 առ հարիւր:
«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն- 4.121 ընտրող կամ 0,33 առ հարիւր:
«Մենք» դաշինք- 25.176 ընտրող կամ 2 առ հարիւր:
«Օրինաց երկիր» կուսակցութիւն- 12.393 ընտրող կամ 0,99 առ հարիւր:
«Սասնայ Ծռեր» համահայկական կուսակցութիւն- 22.868 ընտրող կամ 1,82 առ հարիւր:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն- 103.801 ընտրող կամ 8,26 առ հարիւր:

Ազգային ժողովի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցէր 11 քաղաքական ուժ` 9 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք: Կուսակցութիւններու համար անցողիկ շեմն էր 5 առ հարիւրը, դաշինքներու համար` 7-ը:

Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու քուէարկութեան  մասնակցած է  1.261.105 քաղաքացի կամ ընտրողներու 48,63 առ հարիւրը, ինչ որ 2017-ի ընտրութիւններէն շուրջ 314.000-ով պակաս է:

«Իմ քայլը» դաշինքը Ազգային ժողովի 9 դեկտեմբերին տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով կը ստանայ 88 պատգամաւորական աթոռ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը` 18: «Իմ քայլը» դաշինքի չորս աթոռները կը ստանայ Հայաստանի եզիտի, ռուս, ասորի եւ քիւրտ ազգային փոքրամասնութիւններու մէկական ներկայացուցիչ: Համապատասխան որոշումը հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի 16 դեկտեմբերի նիստին:

Այլ որոշումով մը յանձնախումբը ընդունած է վերոնշեալ ընտրութիւններու արդիւնքներոը` նշելով, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 9 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած արտակարգ ընտրութիւններու նախապատրաստութեան եւ քուէարկութեան ընթացքին տեղի չեն ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնային ազդել ընտրութեան արդիւնքին վրայ»:

 

Նախորդը

Մենենտեզ Կը Խոստանայ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ապահովելու Համար Գործակցիլ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Յաջորդ Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահը Մասնակցած Է Վրաստանի Նորընտիր Նախագահի Երդմնակալութեան Արարողութեան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.