Քաղաքական դաշտին մէջ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը ամենեւին պայմանաւորուած չէ Ազգային ժողովին մէջ ըլլալ-չըլլալու հանգամանքով. Ազգային ժողովի ընտրութիւններով որեւէ բան չի սկսիր կամ չ՛աւարտիր: Այս մասին «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:
Ան նաեւ չի կարծեր, որ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած չըլլալը որեւէ ձեւով պիտի խոչընդոտէ կուսակցութեան գործունէութիւնը:
Արսէն Համբարձումեան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը արտախորհրդարանական ճակատի վրայ, ընդդիմադիր դաշտին մէջ:
Անդրադառնալով օրակարգային հարցերուն` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նշեց, որ քաղաքական մենիշխանութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ երկրի զարգացման համար ճիշդ չէ` աւելցնելով, որ սուր կերպով պիտի քննադատեն իշխանութեան քաղաքականութիւնը այնտեղ, ուր սխալ կը նկատեն, եւ պիտի աջակցին բոլոր այն մօտեցումներուն, որոնք կը նկատեն իրենց գաղափարներուն հարազատ:
Ան նաեւ յայտնեց, որ հետեւողական պիտի ըլլան իրենց մօտեցումներէն բխող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հետ կապուած հարցերու լայն շերտին նկատմամբ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսինքն ՀՅԴ-ն հիմա սպասողական վիճակի մէ՞ջ է, կախեալ անկէ, թէ իշխանութիւնը ինչպէս պիտի կառավարէ, Համբարձումեան նշեց. «Ոչ: Մենք հակազդողի դերին մէջ պիտի չըլլանք, կը պատրաստուինք նախաձեռնողական քաղաքականութիւն վարելու եւ օրակարգ բերելու այն հարցերը, որոնք անհրաժեշտ կը գտնենք»:



