Երէկ առաւօտեան Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` գերագոյն գլխաւոր hրամանատար Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն` զօրավար Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, նախագահ Սահակեանի ստորագրած մէկ այլ հրամանագիրով` զօրավար Կարէն Աբրահամեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետի պաշտօնէն:
Արցախի նախագահի հրամանագիրով` գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետ` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 42009 զօրամասի հրամանատարի պաշտօնէն:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով` Լեւոն Մնացականեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն:
Նախագահի հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուի. «Նախագահի հաստատած կառավարութեան որոշումով` Կարէն Սարգսեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն»:
Մնացականեանը` Պաշտպանութեան Բանակի Անձնակազմին. «Եղէք Հայրենեաց Պաշտպանի Առաքելութեան Հաւատարիմ
Պաշտպանութեան բանակի` արդէն նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը խօսքով դիմած է բանակի անձնակազմին: Խօսքին մէջ կը նշուի.
«Յարգելի՛ զինակիցներ, այսօր ես կը ձգեմ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնը: Շատ հպարտ եմ, որ ծառայած եմ եւ հարկ եղած պարագային պատրաստակամ պիտի ըլլամ կրկին իմ ծառայութիւնը բերելու այն բանակի շարքերուն մէջ, որ իր մարտունակութեամբ եղած է, կայ եւ պիտի շարունակէ մնալ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը:
Կ՛ուզեմ նաեւ վստահեցնել, որ ինծի համար մեծ պատիւ էր տարիներ շարունակ զինակցիլ բոլոր այն շարքայիններուն, ենթասպաներուն, սպաներուն եւ հրամանատարներուն, որոնք իրենց բարեխիղճ ծառայութեամբ օրէ օր ամրապնդած եւ հզօրացուցած են մեր պաշտպանական համակարգը:
Լիայոյս եմ, որ այսուհետեւ իւրաքանչիւրիդ մօտ պիտի իշխէ մեր երկիրը աւելի պաշտպանուած ու անվտանգ պահելու անկոտրում կամքն ու վճռականութիւնը: Ձեր գործողութիւններուն եղէք ներդաշնակ, փոխըմբռնող եւ, որ շատ կարեւոր է` հայրենեաց պաշտպանի առաքելութեան հաւատարիմ:
Շնորհակալութի՛ւն բոլորիդ, միասնական ծառայութեան համար»:



