Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Ամերիկայի Դեսպաններու Նշանակումները

December 15, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ 13 դեկտեմբերին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը վաւերացուց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններու նշանակումները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակած էր Լին Թրէյսին, իսկ Ազրպէյճանի մէջ` Ըրլ Լիցընպըրկըրը:

Նշենք, որ Թրէյսիի նշանակման վաւերացումին համար կատարուած քննարկումներուն ընթացքին, ծերակուտական Պապ Մենենտեզ եւ Էտ Մարքի լուսարձակի տակ առած էին Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն թերի կեցուածքը` երաշխիքներ պահանջելով Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ: Սակայն, Թրէյսի բաւարարուած էր յայտնելով, որ ինք եւ Թրամփի վարչակազմը «կ՛ընդունին պատմական դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն եւ որոնց ընթացքին սպաննուած ու պարտադիր տեղահանութեան ենթարկուած է 1,5 միլիոն հոգի», առանց «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ցաւ յայտնեց, որ ամերիկացի դիւանագէտները կը պարտադրուին խուսափողական լեզու օգտագործելու եւ սուտ խօսելու հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ` տեղի տալով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի քաղաքականութիւնը Ուաշինկթըն արտածելու Թուրքիոյ ջանքերուն առջեւ:

Նշենք, որ նշանակումները պէտք է վաւերացուին նաեւ Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ:

 

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ամերիկացի Պաշտօնատարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Չխուսափելու «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Բառը Օգտագործելէ

Յաջորդը

«Ռուսիա Կը Փափաքի Նպաստել Երեւան – Պաքու Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.