ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Եմէնի հարցին շուրջ բանակցութիւններու աւարտին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին կարելի եղած է կարեւոր արդիւնքներու հասնիլ:
Ան յայտնեց, որ երկրի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Հտէյտա օդակայանին եւ Թաազ նահանգին մէջ դիւրութիւններ ընծայելու շուրջ յատուկ համաձայնութիւններ գոյացած են:
Կութիերես յայտնեց, որ անհրաժեշտ է քննարկումները շարունակել Եմէնի տագնապի քաղաքական լուծման հասնելու համար` աւելցնելով, որ շուրջ քսան միլիոն եմէնցի սննդեղէնի կարօտ ունի:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալսթրոմ իր կարգին յայտնեց, որ Եմէնի մէջ խաղաղութեան շուրջ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները այսօր պիտի ներկայացուին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
Ան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սթոքհոլմի մէջ մէկ շաբաթ առաջ սկսած խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցան «դրական ոգիով եւ բարի կամեցողութեամբ»:
Եմէնի տագնապին կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին Հտէյտա քաղաքին, անոր նաւահանգիստներուն, Սալիֆի եւ Ռաս Իսայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու շուրջ: Անոնք նաեւ համաձայնած են նշեալ շրջաններուն մէջ միացեալ ուժերու վերատեղակայման շուրջ:
Ըստ համաձայնութեան, երկու կողմերը յանձնառու կը դառնան Հտէյտա նահանգին ու քաղաքին մէջ ուժերու ամրապնդում չկատարելու եւ քաղաքէն վերցնելու բոլոր զինեալ երեւոյթները:
Համաձայնութիւնը նաեւ կը նշէ, որ համակարգումի յանձնախումբի նախագահը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին ճամբով շաբաթական զեկուցումներ պիտի ներկայացնէ համաձայնութեան գործադրութեան շուրջ:



