Ռուսական նորագոյն «Էս-400 Թրայըմֆ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու յաւելեալ զօրամաս մը մինչեւ այս տարուան վերջը մարտական հերթապահութիւն պիտի կատարէ Խրիմի տարածքին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Վատիմ Ասթաֆեւ:
Ան նշած է, որ նոր սպառազինութիւնը պիտի փոխարինէ գոյութիւն ունեցող զօրամասը, ատիկա տեղի պիտի ունենայ վերազինման ծիրին մէջ:
Նոր «Թրայըմֆ»-ը արդէն կը պատրաստեն կայարան հասցնելու համար, անիկա այնտեղէն գնացքով պիտի տեղափոխուի իր մնայուն տեղակայման վայրը: Աղբիւրը, սակայն, չի նշեր, թէ Խրիմի ո՛ր հատուածի մէջ պիտի տեղակայուին նոր «Էս-400»-ները:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ ամերիկեան հակասուզանաւային «Պոյինկ Փի-8Էյ Փոսէյտըն» օդանաւը հետախուզական թռիչք կատարած է Քերչի նեղուցի տարածքին վերեւ եւ Խրիմի մօտ: 168848 թիւով օդանաւը մաս կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու ծովուժին պատկանող 26-րդ պարեկային զօրամասին:
Կը նշուի, որ հետախուզական օդանաւը մօտեցած է Խրիմի թերակղզիի ափամերձ գօտիին` պահպանելով 31 քիլոմեթր հեռաւորութիւն:
Նշենք, որ ռուսական իշխանութիւնները Խրիմի մէջ տեղակայեցին նաեւ «Փանցըր-Էս» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգեր:



