Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Նըժմէ Տուգանուեցաւ 5 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիով, Պըրժ` 3 Միլիոնով, Իսկ Ահտ` 2 Միլիոնով

December 13, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց իր հերթական ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, տրուեցան համապատասխան որոշումներ, ինչպէս նաեւ վաւերացուեցան մրցումներուն արդիւնքները:

Հրապարակուեցաւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի յայտագիրը, որ կու տանք ստորեւ.

ՈՒՐԲԱԹ, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Զղարթա – Թրիփոլի 14:15 Զղարթա
Անսար – Շապապ Սահել 15:00 Մարզական Աւան
Շապապ Ղազիէ – Նըժմէ 17:00 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Ռասինկ – Սաֆա 14:15 Ժունիէ
Ահտ – Թատամոն Սուր 16:00 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Պեքաա Ռիատի – Ախա Ահլի Ալէյ 14:15 Նեպի Շիթ

Ինչ կը վերաբերի պատժական տնօրինումներուն, Նըժմէ ստացաւ հինգ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը: Բացի ատկէ, անիկա պիտի վճարէ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին կրած վնասը, որուն ճշգրիտ գումարը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ, ֆետերասիոնին կողմէ:

Ահտ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Անիկա յաւելեալ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով որ անոր համակիրները իրենց հետ դաշտ մտցուցին բարձրախօսներ:

Իր կարգին, տուգանքի ենթարկուեցաւ Պըրժ ակումբը` 3 միլիոն լիբանանեան ոսկիով, ինչպէս նաեւ անիկա պիտի վճարէ Սաֆայի մարզադաշտին կրած վնասը, որ գնահատուեցաւ 130 ամերիկեան տոլարով:

Անոր համակիրներուն կողմէ կատարուած անկարգութիւններուն հարցը (Մապարրայի դէմ) ցարդ քննարկումի առարկայ է ֆետերասիոնին պատժական յանձնախումբին կողմէ, որ շուտով յաւելեալ լուսաբանութիւններ պիտի տայ այդ գծով:

Նահտա Պար Էլիաս մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի պատիժ մը ստացաւ:

Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար կախակայուեցան բազմաթիւ մարզիկներ: Անոնց կարգին եղաւ նաեւ Ժան – Փոլ Քոնճեան (ՀՄԸՄ):

Անսար Հուարայի պատասխանատուներէն Ժորժ Ապտօ մէկ տարիով կախակայուեցաւ:

Հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի տուգանքի պատիժ մը ստացաւ Ամալ Սալամ Զղարթա:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մուսա Հըժէյժ Նշանակուեցաւ Նըժմէի Մարզիչ

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.