Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Զեկուցումին Համաձայն. Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Անդամ Միակ Անազատ Երկիրն Է

December 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ միակ անազատ երկիրն է: Այս մասին նշուած է ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Անվտանգութեան քաղաքացիական բաղադրիչի յանձնախումբի որդեգրած զեկուցումին մէջ: Թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը կը նշէ, որ նշեալ զեկուցումը Թուրքիան քննադատող ՕԹԱՆ-ի առաջին պաշտօնական զեկուցումն է:

Աշխարհի շարք մը երկիրներուն մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին վերաբերեալ զեկուցումին մէջ, մասնաւորաբար, կը նշուի, որ Թուրքիան «Ֆրիտըմ Հաուս»-ին կողմէ ճանչցուած անազատ երկիրներու շարքին է: Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Պուլկարիոյ, Մոլտովայի եւ Ռումանիոյ մէջ տիրող իրավիճակին:

Զեկուցումին հեղինակները նաեւ քննադատած են Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումէն ետք կատարուած զանգուածային ձերբակալութիւններն ու անձնակազմերու զտումները:

Ուշադրութիւն հրաւիրուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ իրականացուած սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով կառավարման նախագահական համակարգին անցման, որ էականօրէն ընդլայնած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լիազօրութիւնները:

Կը նշուի, որ թէեւ Թուրքիան փորձած է ընդօրինակել կառավարման նախագահական համակարգի ամերիկեան բնորդը, սակայն Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական այս փոփոխութեան պատճառով իշխանութիւնը հաւասարակշռուած չէ. այստեղ նախագահը իրաւունք ունի լուծարել խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ մեծցուցած է իր ազդեցութիւնը արդարադատութեան համակարգին նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Կրնայ Ամերիկեան Ուժերը Հեռացնել Միջին Արեւելքէն

Յաջորդը

Վրաստանի Նոր Նախագահը Խոստացած Է Իր Երկիրը «Հասցնել» Եւրոպական Միութիւն Եւ ՕԹԱՆ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.