Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

7 Երեսփոխաններ Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ուղղեցին

December 10, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 3 դեկտեմբերին Աւստրալիոյ խորհրդարանը քննարկեց փաստաթուղթ մը, որ նուիրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին հռչակագիրի վաւերացման 70-ամեակին:

Քննարկումին ընթացքին 7 երեսփոխաններ անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջեցին անոր յստակ եւ անյապաղ ճանաչումը Աւստրալիոյ խորհրդարանին կողմէ:

Իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ հետեւեալ 7 երեսփոխանները պահանջեցին Հայոց ցեղասպանութեան անյապաղ ճանաչումը` Թիմ Ուիլսըն, Ճիւիլըն Լիսըր, Էրիս Հէյզ, Մայքըլ Տանպի, Ճէյսըն Ֆալինսքի, Թոնի Զափիա եւ Մայքըլ Սուքըր:

Նշենք, որ հայկական արմատներով երեսփոխան Թիմ Ուիլսընի կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած է փաստաթուղթը, որ կոչ կ՛ուղղէ «բոլոր երկիրներուն, ներառեալ` Աւստրալիոյ, ընդունելու անհրաժեշտութիւնը եւ անցեալին տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնները ճանչնալու համար աշխատանք տանելու, որովհետեւ ատիկա  կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու հարմար»:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Գայսերեան ողջունեց երեսփոխաններուն ելոյթները` աւելցնելով, որ անոնք պիտի գան աւելնալու անցեալ յունիսին տեղի ունեցած նման քննարկումի մը ընթացքին արտայայտուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պահանջին, որ ճամբան պիտի բանայ խորհրդարանին կողմէ պատմական այս իրողութեան ճանաչումին:

«Այս փաստաթուղթը ցեղասպանութիւն բառը կը բովանդակէ եւ զայն յստակօրէն կը կապէ Հայոց ցեղասպանութեան, որ անքակտելիօրէն կապուած է այս բառի ստեղծման հետ», շեշտեց Գայսերեան:

Յայտնենք, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանի վերոյիշեալ քննարկումին ներկայ եղաւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Նախորդը

ՀՅԴ-ի 128-ամեակի Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Մամետեարով 2019-ին Արցախի Հարցով Վճռական Քայլեր Կ՛ակնկալէ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.