Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Միլանոյի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 25-րդ նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան:
Հանդիպումին ընթացքին Մամետեարով առաջարկած է Արցախի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ գնահատման առաքելութիւն կատարել:
Քննարկուած են արցախեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման հեռանկարները, Ազրպէյճանի եւ ԵԱՀԿ-ի համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Մամետեարով Կրեմինկըրին տեղեկութիւններ փոխանցած է 5 դեկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ` ընդգծելով, որ անիկա բաւական արդիւնաւէտ եղած է, եւ կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են մօտիկ ապագային շարունակելու նոյն ձեւաչափով արդիւնաւէտ եւ աշխուժ քննարկումները:



