Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի հարցը չէ լուծուած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
Փեսքով այդ առնչութեամբ լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով յայտնած է. «Ո՛չ, հարցը չէ լուծուած: Բնականաբար, Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու զրոյցի ընթացքին օրակարգէն դուրս այդ հարցի քննարկման նախաձեռնած է Ալեքսանտր Լուքաշենքոն: Ատիկա բնական գործելաոճ է, իւրաքանչիւր երկիրի ղեկավար ազատ է բարձրացնելու այն հարցերը, որոնք անհրաժեշտ կը նկատէ», ըսած է Փեսքով` աւելցնելով, որ այդ պահուն սեղանի շուրջ ոչ բոլորը ներկայ եղած են:
Նշենք, որ ԵՏՄ-ի տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք Լուքաշենքօ յայտարարած էր, թէ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հարցը լուծուած է, եւ այդ պաշտօնին պիտի նշանակուի Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչը: Հայաստանի վարչապետի բանբեր Արման Եղոյեան հերքած էր անոր յայտարարութիւնը` նշելով, որ այդ հարցը չէ լուծուած:



