Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 6, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին շաբաթներուն մամուլէն հետեւեցանք Հայաստանի Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ մտահոգութեամբ իմացանք հոն ստեղծուած իրավիճակին մասին:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, իր անուանակից Համազգային թատրոնին հետ  երկար ճանապարհ անցած է, առանց անոր հետ որեւէ օրինական կապ ունենալու:

Պատահական չէ հայ թատրոնի եւ շարժապատկերի նահապետ Սօս Սարգսեանի կողմէ ստեղծուած այս թատրոնի Համազգային անուանումը:

90-ականներու սկիզբը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Համազգային թատրոնը նորանկախ հայրենիքին մէջ հիմնադրուեցան ու գործունէութիւն ծաւալեցին ձեռք- ձեռքի: 1991-ին Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ Համազգայինի գրասենեակը հայ վաստակաշատ արուեստագէտներու ջանքերով, որոնց շարքին էր Սօս Սարգսեանը, որ քանի մը տարի ետք նախաձեռնեց նաեւ Համազգային թատրոնի հիմնումին, թիկունքին ունենալով ո՛չ միայն Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը, այլ նաեւ երկար տասնամեակներէ ի վեր սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահապաններէն  հանդիսացող Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան համաշխարհային կառոյցը:

Համազգային թատրոնը, hետագային ստանալով հանդերձ պետական կարգավիճակ, շարունակեց մնալ Համազգայինի ուշադրութեան կեդրոնը եւ վայելել անոր հովանաւորութիւնը: Համազգային թատրոնն ու Համազգային միութիւնը ունին միացեալ բնորոշ յատկութիւն` հաւատարմութիւն: Համազգային միութեան իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւններ շարունակեցին հաւատարմօրէն գուրգուրալ այս թատրոնին, իսկ թատրոնի ստեղծագործական կազմը շարունակեց հաւատարմօրէն եւ անսակարկ նուիրումով ծառայել այս թատրոնին` նպաստելով անոր վերելքին:

Սօս Սարգսեանի մահէն ետք, Համազգային թատրոնը շարունակեց իր առաքելութիւնը, շնորհիւ Սօսի արժանաւոր ժառանգորդներուն, որոնք կազմաւորուելով եւ իբրեւ արուեստագէտներ թրծուելով այս թատրոնին մէջ, մնացին հաւատարիմ  Սօս Սարգսեանի աւանդին. աւանդ, որուն առջեւ կը խոնարհի իւրաքանչիւր հայ:

Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի գործունէութիւնը բարձր գնահատուած է ժողովուրդին կողմէ, հետեւաբար անոր գոյատեւման ապահովումը, մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնն է: Մեր բոլորին բարոյական պարտքն է երաշխաւորել այս թատրոնի գործունէութեան անխափան շարունակութիւնը Սօս Սարգսեանի շունչով եւ ոգիով` ստեղծելով արուեստի արդիւնաւէտ մթնոլորտ, հեռու հատուածային կամ անհատական շահերէ, հիմնուած` համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ:

Ո՛չ ոք իրաւունք ունի Սօս Սարգսեանի գերմարդկային ճիգերուն արգասիքը հանդիսացող եւ այսօր իր անունը կրող Համազգային թատրոնին վնաս հասցնելու:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 5 դեկտեմբեր 2018

Նախորդը

«Զիջումներով Խաղաղութիւն Առնելու Փորձն Ինքնասպանութիւն Է». Հրանդ Մարգարեան

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ. Իտլիպի Հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Ղեկավարներու Նոր Հանդիպում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.