Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Խալետ պըն Սալման յայտնեց. «Իրանեան վարչակարգը լիբանանեան Հըզպալլան ստեղծեց, որպէսզի անիկա արաբներուն կողին խրած դաշոյն մը ըլլայ եւ ամբողջական հաւատարմութիւնը իրեն ըլլայ: Իրանեան վարչակարգը շրջանին մէջ խափանարարական ու ահաբեկչական առաքելութիւնը կը վստահի այս կուսակցութեան եւ զայն կ՛օգտագործէ իր յարանուանական պատերազմներուն մէջ, որոնք Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ բնաջնջեցին արաբները եւ բզկտեցին անոնց հայրենիքները»:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը նշեց. «Իրանեան վարչակարգը ոճիրներէն իր անմեղութիւնը պնդող երկիմաստ հռետորաբանութեամբ կը շարունակէ աշխարհը խաբել փորձել: Հետեւեալները օրինակներ են իշխանութեան տիրանալէ ետք անոր գործած արարքներուն. սուրիացի ժողովուրդէն միլիոնաւորներ սպաննեց եւ տեղահանեց, Իրաքի մէջ յարանուանութեան աջակցեցաւ` քայքայելու համար երկրին միասնութիւնը, ինչպէս նաեւ ներխուժեց իր հողերուն մէջ գտնուող դեսպանատուներ, սպաննեց Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին»:
«Ասոնց ծրագիրը, ըստ իրենց իսկ վկայութեան, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ղեկավարութեան ներքեւ մեծ հանրապետութիւն ստեղծելն է: Տրամաբանակա՞ն է, որ արաբները ընդունին գործիք ըլլալ քանդումի այդ ծրագիրին, որուն նպատակը մեր ժողովուրդը պառակտելն ու անոր դէմ բոլոր կանգնողները ընկրկելն է: Արաբները կ՛ընդունի՞ն գերագոյն հոգեւոր պետին առջեւ ծունկի գալ, եւ հաւատարմութիւնը անոր ըլլայ հայրենիքի եւ արաբականութեան փոխարէն», հարց տուաւ դեսպանը:
«Իրանեան վարչակարգը չի բաւարարուիր շրջանին մէջ իր արիւնալի ձեռքբերումներով, այլ կը փորձէ Արաբական թերակղզիին մէջ այլ Հըզպալլա մը հիմնել, եւ իր հուսի հետեւորդներուն կարողութիւն տուաւ յարձակում գործելու եղբայրական եմէնցի ժողովուրդին դէմ եւ զանոնք գործիքի վերածեց շրջանին անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելու ձգտող արտաքին կողմի մը իրենց հաւատարմութեամբ դաշունահարելու իրենց հայրենիքը: Թագաւորութիւնը Արաբական թերակղզիին մէջ այլ Հըզպալլայի մը յայտնուիլը պիտի չարտօնէ», յայտարարեց Խալետ պըն Սալման:



