Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանին Իր Ուժը Ցուցադրելու Համար Ուաշինկթըն Հիւլէական Ուժանիւթով Բանող Օդանաւակիր Ուղարկած Է Արաբական Ծոց

December 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ճոն Սի. Սթեննիս» օդանաւակիրին գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նաւերու խումբը յառաջիկայ օրերուն մուտք պիտի գործէ Արաբական ծոց` իր ուժը Իրանին ցուցադրելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնակատարները:

Ամերիկեան մարտանաւերու մուտքը վերջին ութ ամսուան ընթացքին առաջին այդպիսի գործողութիւնը պիտի ըլլայ Արաբական ծոցին մէջ:

Փենթակոնէն աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, թէ «Ճոն Սի. Սթեննիս» օդանաւակիրը Միջին Արեւելքի տարածքին մէջ պիտի մտնէ երկու ամիս եւ այդ ժամանակաշրջանի մեծ մասին ընթացքին պիտի նաւարկէ Ծոցի շրջանին մէջ: Ամերիկեան օդանաւակիրի ներկայութիւնը «որոշակիօրէն պիտի ապահովէ դրական տարբերութիւնը» ուժերու դասաւորման մէջ, եթէ այդ ջուրերուն մէջ Իրանի կողմէ թշնամական գործողութիւններ կատարուին:

1 դեկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Փոմփէօ յայտարարած էր, թէ Թեհրան միջին հասողութեամբ թեւաւոր հրթիռի փորձարկում կատարած է, հակառակ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 բանաձեւին: Ըստ անոր, խօսքը կը վերաբերի «միջին հասողութեան թեւաւոր հրթիռի, որ կրնայ քանի մը մարտագլխիկ կրել»:

Ի պատասխան, Իրանի զինեալ ուժերու պաշտօնական ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ապոլֆազլ Շեքարճի 2 դեկտեմբերին յայտարարած էր, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ հրթիռային փորձարկումները` իր պաշտպանութիւնը ամրապնդելու համար:

Նախորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Հիմնադրութեան 35-ամեակի Համերգ` Կատարողութեամբ Քոլեճի Ուսուցիչներուն

Յաջորդը

Մատուրօ Էրտողանը «Գաղափարակից Ընկեր» Կոչած Է

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.