Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ Շարունակեց Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ Մոհամետ Ապու Տիապի Սպանութեան Առիթով

December 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ շարունակեց Ժահիլիայի մէջ ցաւակցութիւններ ընդունիլ իր ընկերակիցին` Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան առիթով:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթիի այցելեց Ուիամ Ուահապին:

Քումաթի յայտնեց, որ Ժահիլիայի մէջ պատահածին նպատակը դատավարութեան հրաւէրի յանձնում չէր, այլ` աւելի մեծ եւ սխալ որոշում մըն էր, որ կրնար սադրանքի դռներ բանալ:

Քումաթի նշեց, որ իրենք կը ցաւակցին Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան համար: «Մոհամետ Ապու Տիապ իր թափած արիւնով փրկեց Լեռնալիբանանը եւ Լեռնալիբանանի միասնականութիւնը», ըսաւ ան:

Քումաթի աւելցուց, որ շրջանին մէջ Դիմադրութեան առանցքը յաղթած է, «իսկ Լիբանանի մէջ յաղթողի եւ պարտուողի տրամաբանութեամբ չէ որ կը վարուինք, այլ` համագործակցութեան», եզրափակեց ան:

Իր կարգին, Ուահապ յայտնեց, որ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հասցէին ցեխարձակում չէ կատարած: «Հարիրի հակառակորդ առանցքի մէջ կը գտնուի: Այսինքն` ես կը գտնուիմ մէկ առանցքի մէջ, իսկ Հարիրի` այլ առանցքի մը մէջ: Եւ ի՞նչը կ՛արգիլէ, որ մենք Հարիրիի մասին կարծիք ունենանք», հարց տուաւ Ուահապ` աւելցնելով, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կը պակսէր, որ «թռուցիկներով» Ժահիլիա ուղղուէր», ըսաւ Ուահապ:

Ուահապի այցելեց նաեւ կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ` գլխաւորելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Ան նշեց, որ Ուահապին յայտնած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ցաւակցութիւնները:

Խաթիպ շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ ինկած ոեւէ զոհ Լեռնալիբանանին, Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար կորուստ է եւ ո՛չ միայն իր ընտանիքին եւ գիւղաքաղաքին համար:

Խաթիպ հաստատեց, որ ինք Ժահիլիայի բնակիչներուն հետ բարեկամական ամուր յարաբերութիւններ ունի եւ գիտէ, թէ անոնք որքան կը զոհուին Լիբանանի համար: «Ցաւակցութիւններս Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան առիթով», եզրափակեց Խաթիպ:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը եւս ուղղուեցաւ Ժահիլիա` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Նասիպ Ժաուհարիի:

Ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Ժաուհարի ըսաւ, թէ Լեռնալիբանանը կարմիր գիծ է, իսկ արձանագրուած պատահարը մեծ սխալ էր ու թատրոն: Ան ապահովական կառոյցներէն պահանջեց կատարեալ թափանցիկութեամբ բացայայտել այդ դէպքին ծալքերը:

Ուահապ նշեց, որ իրենք բոլորը կը գտնուին Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի դրօշին տակ` աւելցնելով, որ ցաւակցութիւնները աւարտելէ ետք ինք պիտի այցելէ Արսլանի:

Տիւրզի հոգեւոր հեղինակութիւն շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ ցաւակցութիւն յայտնեց Ուահապին` հաստատելով, որ Լեռնալիբանանի մէջ պատահածը Լեռնալիբանանի դէմ յարձակում էր:

Շէյխ Ղարիպ շեշտեց, որ պատահածը վտանգաւոր նախընթաց էր` մաղթելով, որ նման դէպք չկրկնուի:

Ուահապին ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատը:

Մեկնումի պահուն Մըրատ յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ դատավարութեան հրաւէրի յանձնումը այս ձեւով կը կատարուի: «Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կարգ մը հարցերու մէջ կը չափազանցէ, այդ առումով կը մաղթենք ինքնազսպումի ենթարկուիլ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Մըրատ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, հաստատեց, որ իրենք կը ցաւին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մերժէ վեց անկախ սիւննի երեսփոխանները ընդունիլ` աւելցնելով սակայն, որ իրենց արդար իրաւունքն է յաջորդ կառավարութեան մէջ ներկայացուիլ:

Անկախ նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան իր կարգին այցելեց Ժահիլիա, ուր Ուիամ Ուահապին ցաւակցութիւն յայտնեց Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան առիթով:

Համտան դրուատեց Ժահիլիայի բնակիչներուն եւ Ուիամ Ուահապի իմաստութիւնը, «որովհետեւ անոնք ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին նկատմամբ շատ աւելի յանձնառու գտնուեցան, քան անոնք, որոնք այդ ուժերը Ժահիլիա «գործուղեցին», ըսաւ Համտան:

Ան նշեց, որ Ժահիլիայի բնակչութեան կեցուածքները Լիբանանը փրկեցին վտանգաւոր զարգացումներէ:

Միւս կողմէ, Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Ժահիլիայի մէջ արձանագրուածը ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի կողմէ առաջին սխալը չէ, որ կը գործուի:

«Հետեւաբար կը պահանջեմ դատական իշխանութիւնը անջատել քաղաքականութենէն», ընդգծեց Ուահապ:

Իսկ Ուահապի պաշտպան փաստաբան Մաան Ասաատ երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուրկէ յայտարարեց, որ պահանջած են դատական այս հարցը փոխանցել այլ դատարան եւ զայն հեռու պահել դատախազ Համմուտի իրաւասութիւններէն:

Ասաատ յայտնեց, որ իրենք դատախազ Համմուտի դէմ բողոքած են դատական իշխանութեան քննիչներուն մօտ եւ ցաւ յայտնած, որ այս մակարդակին հասած է դատական իշխանութիւններուն վիճակը:

Ասաատ շեշտեց, որ դատախազ Համմուտ ատակ անձնաւորութիւն մըն է, սակայն ան քաղաքական ճնշումի տակ սխալ որոշում տուած է: «Դատախազ Համմուտ որոշ զգայուն դատական հարցերու երաշխիք է, սակայն անցնող 48 ժամուան ընթացքին արձանագրուած դէպքերը կրնային պայթեցնել երկիրը», ըսաւ ան:

Մաան Ասաատ հաստատեց, որ իրենք օրէնքին ենթակայ կը մնան` աւելցնելով, որ Ուիամ Ուահապ պիտի ներկայանայ համապատասխան դատարան:

Ան նշեց նաեւ, որ Ուահապ դատական հարց պիտի յարուցէ Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան հարցով եւ իր ունեցած բոլոր փաստերը պիտի ներկայացնէ դատարան:

Պէտք է աւելցնել, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ երէկ հաստատեց, որ դատական իշխանութիւնները Լիբանանի տարածքին իրենց դերակատարութիւնը ամբողջական կերպով, անկողմնակալութեամբ եւ օրէնքին համաձայն կը կատարեն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի զօրակցութեամբ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Ազգային Գրադարանի Նոր Շէնքին Բացումը Պիտի Կատարէ

Յաջորդը

Զախարովա Կը Մեկնաբանէ Բակօ Սահակեանի Մոսկուա Այցելութիւնն Ու Պաքուի Հակազդեցութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.