Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Ազգային Գրադարանի Նոր Շէնքին Բացումը Պիտի Կատարէ

December 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին բացումը պիտի կատարէ Սանայեհի մէջ կառուցուած Ազգային գրադարանի նոր շէնքին:

Ազգային գրադարանի նորակառոյց շէնքին ֆինանսաւորումը հոգացած է Քաթարը:

Բացման արարողութեան պիտի մասնակցին նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, պետական անձնաւորութիւններ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ համալսարաններու նախագահներ:

Այս առիթով նախագահ Աուն պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ Լիբանանի մշակութային եւ մտաւորական դերակատարութեան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց դատախազութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հետաքննութիւնները, որոնք կը կատարուին կարգ մը թղթածրարներու պարագային:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի: Քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Աքքարի կարիքները:

Հանդիպումին ընթացքին Պաարինի շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ նախագահ Աուն իր պաշտօնով, անձնական հանգամանքով եւ վարած իմաստուն քաղաքականութեամբ երկիրը պիտի կարենայ դէպի քաղաքական կայունութիւն առաջնորդել, ինչպէս որ կրցած է ապահովական կայունութիւնը ամրագրել:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց երկրին քաղաքական հարցերն ու Ժեզզինի մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրները:

Նախագահ Աուն ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի Ազգային կեդրոնի նախագահ Քամալ Խէյրը, որ անդրադարձաւ Մընիէի կարիքներուն:

Հանդիպումէն ետք Խէյր յայտնեց, որ նախագահ Աունի մօտ շօշափած է մօտիկ ապագային կառավարութիւնը կազմելու լաւատեսութիւն մը:

 

Նախորդը

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Յաջորդը

Ուահապ Շարունակեց Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ Մոհամետ Ապու Տիապի Սպանութեան Առիթով

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.