Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիբանան գրաւեց արաբական լեռնային դասաւորման առաջին դիրքը (Ասիոյ մէջ 6-րդ եւ աշխարհի դասաւորման մէջ 53-րդ)` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 263 կէտ, նոյեմբեր ամսուան ընթացքին կազմակերպուած ախոյեանութիւններէն եւ մրցաշարքերէն ետք:
Բնականաբար այս իրագործումին մէջ իր մեծ եւ կարեւոր դերը ունի Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, որ բծախնդիր աշխատանք կը տանի իր կողմէ կազմակերպուած բոլոր ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը առաւելագոյն ձեւով յաջողցնելու համար:
Իսկ փարասայքլինկի դասաւորման մէջ (ԷՅՉ-3 դասակարգ), լիբանանցի Ահմետ Ղուլ արաբական դասաւորման մէջ առաջին է (Ասիա` 2-րդ), մինչ այլ լիբանանցի մը` Հասան Տիա (ԷՅՉ-4 դասակարգ), իր կարգին առաջին է արաբական դասաւորման մէջ (Ասիա` երրորդ):



