Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց ուժային եռամարտի Եւրոպայի բաց ախոյեանութեան, փարալիմփիքի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացած Գէորգ Աֆրիկեանը եւ անոր մարզիչը` Գաւառի մարզադպրոցի տնօրէն Դաւիթ Ասոյեանը, տեղեկացուց նախագահական պալատին պաշտօնական կայքը:
Նախորդ նոյեմբերին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան առաջին միջազգային մրցաշարքին մասնակցած էր նաեւ շարժողական խնդիրներ ունեցող Գէորգ Աֆրիկեանը:
Մրցաշարքին մասնակցելու համար Աֆրիկեանին անհրաժեշտ էր նիւթական աջակցութիւն, որ տրամադրուած էր նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ:



