Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան. «Խօսքը Հասցնելը Դժուար Է, Բայց Ոչ Անկարելի»

December 3, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սփութնիք Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ համամասնական ցանկի երրորդ դիրքը գրաւող,  Արաբկիր, Աջափնեակ, Դաւթաշէն համայնքները ընդգրկող թիւ 2 ընտրատարածքին մէջ վարկանշային թեկնածու Արթուր Խաչատրեան խօսած է քարոզարշաւին ու ՀՅԴ ծրագիրներուն մասին:

Ան ցաւով նշած է, որ դժուար է ծրագրային քարոզարշաւ իրականացնել, թէեւ Դաշնակցութեան ամբողջ նպատակը ա՛յդ է` քննարկումները տեղափոխել ծրագրային քննարկման դաշտ:

«Պէտք է հասկնալ, որ հասարակութիւնը կը գտնուի գերուրախութեան բարձր մակարդակի վրայ, երբ զգացումները գերիշխող են պարզ դատողութիւններուն: Վստահաբար յեղափոխականէն անմիջապէս ետք կայ ընդգծուած նախընտրութիւնը, այնպէս որ խօսքը հասցնելը դժուար է, բայց ոչ անկարելի», ըսած է Արթուր Խաչատրեան:

Անոր համաձայն, դիմատետրի կեղծ օգտատէրերու կողմէ փորձ կը կատարուի բացասական մթնոլորտ ստեղծել Դաշնակցութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կայքահէններ կը փորձեն դիմատետրի էջեր խանգարել:

«Զզուելի ու գաղջ մթնոլորտ կը տիրէ ընկերային ցանցերուն վրայ, կը նայիս, թէ ո՛վ նման բացասական բաներ կը գրէ, կը տեսնես, որ կեղծ է, նկար չունի կամ ալ կ՛ապրի Ամսթերտամ: Եթէ այդպէս հայրենիք պաշտպանող ես, եկուր հայրենիք ու զայն պաշտպանէ: Ես ալ կրնայի 25 տարի առաջ Ամերիկա երթալ, կրնայի Անգլիայէն չվերադառնալ: Բայց վերադարձած եմ, կ՛աշխատիմ, կը փորձեմ բան մը ընել երկրին համար: Լաւ կ՛ընեմ, թէ՞ վատ, բոլորս ալ սխալական ենք, բայց գոնէ երկրին մէջ կը գտնուինք եւ կը փորձենք ձեւով մը օգտակար ըլլալ:  Ոչ թէ 15 տարի առաջ գացած ես Ամսթերտամ ու կ՛աղմկես, թէ յեղափոխութեան պաշտպանն ես, բոլորը սրիկայ են, բացի մէկէն», ըսած է Խաչատրեան:

Արթուր Խաչատրեան խօսած է Արցախի տագնապի լուծման վերաբերեալ ՀՅԴ-ի դրոյթներուն մասին` նշելով, որ ՀՅԴ-ի այս տարուան ծրագիրը գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնէ այն բոլոր գաղափարները, որոնցմով կուսակցութիւնը կը մասնակցէր 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: ՀՅԴ-ին հիմնական դրոյթները փոփոխութեան ենթակայ չեն, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ զգացումներ կը գերիշխեն հասարակութեան վրայ, քանի որ անոնց հիմքը գաղափարախօսութիւնն է: Այդ դրոյթներէն մէկը կը վերաբերի Արցախի հարցին, այն է` Արցախը պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան, իսկ Հայաստանը պէտք է ըլլայ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը:

Արցախի ու Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ վերջին օրերուն կատարուած փոխադարձ յայտարարութիւններուն անդրադառնալով` Արթուր Խաչատրեան նախ շատ բացասական գնահատած է ստեղծուած վիճակը` յայտնելով, որ իշխանութիւնները պէտք չէ իրենց յայտարարութիւններով թշնամիին կարելիութիւններ տան նորէն պատերազմի սկսելու:

ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրին մէջ յատուկ բաժինով անդրադարձ կը կատարուի ջաւախահայութեան: «Վրաստանի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար: Այդ յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւուին: Ատիկա իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ջաւախահայութեան եւ վիրահայութեան իրաւունքներու լիարժէք գործադրութեան վրայ», նշուած է հոն:

Արթուր Խաչատրեանի համաձայն, Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւել, բայց ոչ Հայաստանի ազգային շահուն հաշուոյն: Որքան մեր յարաբերութիւնները բարելաւուին, այնքան աւելի լաւ պիտի ըլլայ ջաւախահայութեան վիճակը, այնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ առեւտուրը Վրաստանի հետ եւ Վրաստանի վրայով:

 

Նախորդը

Տօնոյեան. «Երեւանը Եւ Մոսկուան Կը Մօտենան «Սու-30Սի.Էմ.»-ներու Մատակարարման Համաձայնագիրի Կնքման Եզրափակիչ Փուլին»

Յաջորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Իշխանութիւնը Կ՛ուզէ, Որ Ընդդիմութիւնը Խոցելի Ըլլայ»

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.