Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանը Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Նշեց Բազմատեսակ Ձեռնարկներով

December 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Կեդրոնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿՄ «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց Թիֆանի Իիտը, ելոյթ ունեցաւ վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, աշակերտները կատարեցին լիբանանեան ազգագրական պարեր, ներկայացուցին խմբային երգեր եւ ասմունք: Յատկանշական էր մանաւանդ անկախութեան պատմութեան նուիրուած թատերական ներկայացումը, որուն մէջ շեշտը դրուած էր ազգերու ինքնորոշման եւ սեփական պետութիւն ունենալու գաղափարին վրայ:

Այս տարի նորութիւն էր անկախութեան տօնին նուիրուած «Գիտելիքներու մարաթոն»-ը, որուն  ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները իրարու հետ մրցեցան Լիբանանի պատմութեան մասին իրենց գիտելիքներով:

Միւս կողմէ, տօնին ընդառաջ, Մեսրոպեանի բարձր կարգի աշակերտները առանձին երկու օրերու ընթացքին այցելութիւններ տուին Լիբանանի բանակի օդուժի եւ յատուկ ուժերու (մաղաուիր) կեդրոններ, ուր դիմաւորուեցան պատասխանատու սպաներու եւ հրամանատարութեան կողմէ: Աշակերտները ծանօթացան բանակային ծառայութեան պայմաններուն եւ դիտեցին զինուորական վարժանքներ: Յատուկ ուժերու կեդրոնին մէջ, մարզիչ սպաներու հսկողութեամբ, աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ կատարելու փորձ-վարժանքներ` բարձրութիւն մագլցիլ եւ պարանով բարձրութենէ իջնել: Այցին առիթով Մեսրոպեանի աշակերտները գնահատանքի նշաններ յանձնեցին հրամանատարական կազմերուն,  շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ծառայողներու` հայրենիքի պաշտպանութեան գործին իրենց նուիրումին եւ դժուարին առաքելութեան համար:

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան 75-Ամեակի Նշումը Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.