Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Իւրաքանչիւր Դաշնակցականէ Առաջին Պահանջատէրը Ինքնին Դաշնակցութիւնն Է»

November 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 նոյեմբերի կանուխ առաւօտէն ՀՅԴ պատգամաւորութեան թեկնածուները քարոզարշաւի ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցած են  Արարատի մարզի տարբեր բնակավայրերու բնակիչներուն հետ: Եզրափակիչ հանրահաւաքը տեղի ունեցած է Արտաշատ քաղաքի հրապարակին վրայ, ուր խօսքեր արտասանած են մարզային կառոյցի, ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ՀՅԴ պատգամաւորութեան թեկնածուները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ մարզի տարբեր համայնքներուն մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են, լսած են մարդոց մտահոգութիւնները: Ունեցած են այն տպաւորութիւնը, որ մարդիկ կը գտնուին յոյսի եւ անորոշութեան քառուղիին վրայ: «Յոյսի, որովհետեւ ապրիլեան համաժողովրդական շարժումէն ետք մեր ժողովուրդին մօտ իսկապէս արթնցած է յոյս, որ կարելի է երկրին մէջ դրական փոփոխութիւնները անշրջելի դարձնել եւ երաշխաւորել բարեկեցիկ կենցաղ: Յոյս, որ մեր երկրին մէջ տարիներ շարունակ կուտակուած եւ դժգոհութիւններու պատճառ հանդիսացող հիմնախնդիրները ի վերջոյ լուծում կը ստանան, բայց միաժամանակ կայ անորոշութիւն, որովհետեւ մարդոց համար յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս, ի՛նչ ուղիով պիտի կառուցենք մեր երազած նոր Հայաստանը: Ճիշդ այս երկակի դժուար կացութեան մէջ է, որ տեղի պիտի ունենան Ազգային ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւնները:

«Կը կարծեմ, թէ բոլորս վաղուց արդէն համոզուած ենք, որ չկայ անցեալին վերադարձ, անցեալի էջը փակուած է միանգամընդմիշտ, բայց անցեալի մերժումը երբեք չի նշանակեր երաշխաւորուած ապագայ: Որպէսզի ունենանք երաշխաւորուած ապագայ, նախ եւ առաջ պէտք է հասկնանք, թէ ի՛նչ ծրագիրներով, մօտեցումներով եւ մարդուժով պիտի կառուցենք այդ ապագան: Այս առումով հրապարակին վրայ գտնուող քաղաքական ուժերու խոստումներու պակաս չկայ: Թերեւս նաեւ դժուար է կողմնորոշուիլը, բայց ատոր համար կայ մէկ յստակ ուղի`  բոլոր քաղաքական ուժերը ձեր դիմացն են` համեմատեցէ՛ք եւ կը տեսնէք: Համեմատեցէ՛ք, եւ ձեզի համար պարզ կը դառնայ` ո՛վ ո՛վ է, ո՛վ ի՛նչ կ՛ըսէ, ըսած է ան եւ աւելցուցած, կ՛ուզեմ մէկ բան յստակ գիտնանք` յառաջիկայ ընտրութիւնները անցեալը մերժելու չեն վերաբերիր, յառաջիկայ ընտրութիւնները ապագան կերտելու կը վերաբերին»:

Ան շեշտած է, որ այդ պատճառով է, որ սխալելու իրաւունք չունինք: «90-ական թուականներէն ի վեր բազմիցս սխալ ընտրութեան իբրեւ հետեւանք մենք այսօր հասած ենք այս վիճակին, այլեւս սխալելու իրաւունք չունինք: Ուշադի՛ր հետեւեցէք բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ ձեզի համար եզրակացնելը դիւրին պիտի ըլլայ` Դաշնակցութեան օգտին: Միշտ վստահ եղէք, որ ամէն պարագայի թէ՛ քաղաքացիական կեանքին մէջ, թէ՛ մարտի դաշտին վրայ ձեր կողքին եղած ու ըլլալիք միակ քաղաքական ուժը Դաշնակցութիւնն է: Ատոր համար ալ կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի, որ Դաշնակցութեան որդեգրած կարգախօսը` «Հաւատարիմ հողին ու հային», դարձնէք նաեւ ձերը», ըսած է Համբարձումեան:

Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը համահայկական ներուժ ունեցող միակ քաղաքական ուժն է, եւ չկայ երկրորդը: «Դաշնակցութիւնը ընտրարշաւին մասնակցող միակ քաղաքական ուժն է, որ կը հաւատայ ընկերվարութեան եւ ընկերային արդարութեան: Միակ քաղաքական ուժն է, որ երբեք համախմբուած չէ եղած անձերու շուրջ, չկայ ուրիշ այդպիսի ուժ: Մեր ըսածը երկու պարզ բան է` անվտանգութիւն եւ արդարութիւն: Անվտանգութիւն ռազմաքաղաքական, տնտեսական, բնապահպանական, ընկերային իմաստով եւ արդարութիւն մրցակցութեան, ընկերային արդարութեան իմաստով: Շատ պարզ գաղափարներ, պարզ, բայց հիմնարար: Բոլոր մեր ծրագիրները կառուցուած են ինքնին այս հիմնարար սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն վրայ, եւ 128 տարի անցնելով բազմաթիւ փորձութիւններէ` Դաշնակցութիւնը երբեք չէ ընկրկած, դրօշակ չէ փոխած, անուն չէ փոխած, ծրագիր ու նպատակ չէ փոխած: Այդ է երաշխիքը, որ վաղը պիտի գիտնաք, թէ որմէ պահանջներ պիտի ունենաք, որովհետեւ իւրաքանչիւր դաշնակցականէ առաջին պահանջատէրը ինքնին Դաշնակցութիւնն է: Դուք այդ վստահութեամբ կրնաք ձեր քուէն տալ Դաշնակցութեան` գիտակցելով, որ միշտ կրնաք պահանջատէր ըլլալ», յայտնած է Ա. Համբարձումեան:

 

 

 

Նախորդը

Սպարտակ Սէյրանեան. «Վա՛յ Այն Երկրին, Որուն Ազգային Ժողովը Մանկամիտներով Պիտի Ձեւաւորուի»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Ոչ Ոք Իրաւունք Ունի Սահմանափակելու Քաղաքական Տեսակէտներ Արտայայտելու Իրաւունքը»

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.