Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն. ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի

November 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին հայրենի մեր ժողովուրդը պիտի ուղղուի քուէատուփ` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու մասնակցելու:

Քաղաքական այլ ուժերու կողքին, Դաշնակցութիւնը եւս կը լծուի այս ընտրապայքարին` ինքնուրոյն, առանձին ցանկով, առանց որեւէ դաշինքի:

Սոյն ընտրութիւնը առաջինն է Հայաստանի մէջ խորհրդարանական համակարգի հաստատումէն ետք: Առ այդ, մեր երկիրը կը թեւակոխէ նոր փուլ, այն պահուն, երբ կը շարունակեն մեր դիմաց ծառանալ ազգային մեր անվտանգութեան առնչուող հարցեր ու թղթածրարներ, որոնց բարւոք լուծում ապահովելու կոչուած է յառաջիկայ Ազգային ժողովը: Բոլորին կողմէ իրաւամբ ակնկալուող տարբեր բարեկարգումներու, արդար, բարօր, առաւել զարգացող երկիր կառուցելու զուգահեռ, լուծելի եւ դիմակայելի էական կէտերը, սակայն, կը մնան` երկրի ընկերային-տնտեսական բարդ իրավիճակը, արցախեան հիմնախնդրի բարենպաստ կարգաւորումը, Անգարայի կողմէ յամառօրէն պահուող շրջափակումը, Պաքուի հակահայ, յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, եւ մասամբ նորին:

Ահա այս բոլորին մէջ, ամենայն գիտակցութեամբ, անսակարկ նուիրուածութեամբ, բծախնդրութեամբ, անշահախնդրութեամբ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելու երդուածութեամբ պատասխանատուութիւն վերցնելու պատրաստակամութիւնն ունին ՀՅԴ-ի ընտրացանկի մեր թեկնածուները, որոնք, պետականաշինութեան գործընթացի վերոյիշեալ հարցերուն կողքին, իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ` ունին նաեւ գաղափարական պատկանելիութեամբ իրենց յատուկ պարտաւորութիւններ` Հայ դատի օրակարգով, այլ խօսքով` համահայկական մակարդակով, համազգային տարողութեամբ:

Եւ մենք` Արեւմտեան Եւրոպայի դաշնակցական ամբողջ ընտանիքը, մեր անվերապահ վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք բանիւ եւ գործով ու բարի երթ կը մաղթենք մեր ընկերներուն: Այո՛, Հայաստանի կազմակերպութեան սիրելի՛ ընկերներ, հաւատարիմ` հողին ու հային: Ամբողջական հողին` միացեալ հայրենիքին, ամբողջական հային` միացեալ հայութեան:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Փարիզ, 27 նոյեմբեր 2018

Նախորդը

«Արաս» Հրատարակչութեան Կողմից Տպագրուած Նոր Գիրք` «Հրաժեշտ Այնթուրային»

Յաջորդը

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.