Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Կը Վախնայ «Կատաստրոֆ»-Է

November 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մակար ի Գաղղիա

Արմենակը երբեք այս վիճակին մէջ չէի տեսած:

– Նոյեմբերի արեւէն օգտուեցայ եւ եկայ` հակառակ ձեզ անհանգիստ չընելու Էլպիսի պնդումներուն: Խօսելու պահանջ ունէի:

– Գիտես, որ անհանգիստ չես ըներ: Ի՞նչ է ցաւդ,- հարցուցի:

– Չեմ հասկնար, թէ ո՛ւր կ’երթայ Հայաստանը, ո՛ւր կը տանին ժողովուրդը: Ի՞նչ կը նշանակէ իշխանութիւնը վերադարձնել ժողովուրդին: Քէն եւ կիրք հրահրելով կը ստեղծենք կարգախօսներու արձագանգող վրիժառու չմտածող ամբոխ,- ըսաւ Կեդրոնականցին:

– Արմենա՛կ, հաւասարութեան սկզբունքով եւ ժողովրդավարական կարգով իշխանութիւնը պէ՛տք է վերադարձնել ժողովուրդին:

– Բայց ո՞վ է ժողովուրդը, ի՞նչ կ’ըսէ, ինչպէ՞ս լսել զինք, Մակա՛ր, ներկանե՞րը, բացականե՞րը, հեռուն գտնուողնե՞րը, գրողնե՞րը, ոսկեհանքի աշխատաւորնե՞րը, թոշակառունե՞րը, ակադեմիկոսնե՞րը: Ամէնքը ժողովուրդ են, հաւասար են: Թէեւ ֆրանսացիները կ’ըսեն, որ ոմանք քիչ մը աւելի հաւասար են: Որոշ չէ, թէ ո՛ր իշխանութիւնը ո՛ր ժողովուրդին պիտի վերադարձուի: Խօսքի աճպարարութիւն կայ, իշխանութիւնը խօսքո՞վ ժողովուրդին պիտի վերադարձուի, որ անհատի՞ տրուի, ժողովուրդը խցկելով «այո՛»-ի եւ «աղաղակ-ծափ»-ի մէջ:

– Ինչե՜ր կը մտածես, Արմենա՛կ:

– Կը մտածեմ եւ կը վախնամ: Ֆրանսայի թագաւորը կ’ըսէր` «Ես եմ պետութիւնը», նոյն բեմադրութի՞ւն է, կ’ըսուի` իշխանութիւնը ժողովուրդին, կը հասկցուի` ես եմ ժողովուրդը: Նափոլէոն քահանայապետը կանչեց իր թագադրութեան, բայց ինք իր գլխուն դրաւ կայսերական թագը: Ոչ ոք ձայն կամ ծպտուն հանեց: Ոչ ոքի հաշուետու:

– Յոռետես ես: Հիմա քահանայապետ, Նափոլէոն չկան: Ժողովուրդին կ’ըսուի, որ ինք է իր ճակատագրին տէրը, ինք է որոշողը, ան ալ գոհ է, բաժակաճառ լսելու պէս:

– Ճի՛շդ, Մակա՛ր: Եթէ յանկարծ ժողովուրդը տեսնէ, ֆրանսացի ղեկավարի մը ըսածին պէս, որ կը խաղցուի «ճերմակ գլխարկ-գլխարկ ճերմակ»-ի թատրոն, յուսախաբ կ’ըլլայ եւ… «կատաստրոֆ»:

– Արմենա՛կ, ընտրութիւն պիտի ըլլայ, ժողովուրդը պիտի մտածէ, ժողովուրդը` չծափահարող եւ ծափահարող ժողովուրդը:

– Եթէ չծափահարողները յանկարծ կէսէն մէկ աւելի ըլլան, ժողովուրդի մէկ կէսը պիտի կանգնի միւս կէսին դէմ, եւ Հայաստան կրկին սուղ հարկ պիտի վճարէ: Կրկին «կատաստրոֆ» կ’ըլլայ: Ինչո՞ւ սփիւռքի մէջ հանգիստ եւ կուշտ նստածներ կրակին վրայ իւղ կը լեցնեն:

– Արմենա՛կ, բազմաթիւ «կատաստրոֆ»-ներէ անցած ենք, մէկ աւելի մէկ պակաս` շատ բան չի փոխեր: Ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն` «Կը դիմանանք էլի»:

Արմենակ գլուխը օրօրելով` եզրակացուց.

– Կը դիմանանք, կամ մնացողներն ալ կ’երթան դէպի «լաւ ապրելու իրաւունք շնորհող» աշխարհներ:

Մակարուհին սուրճ բերաւ փուռէն նոր ելած կարկանդակով, Արմենակ դադրեցաւ խօսելէ:

Իմաստուն Կեդրոնականցին ինչո՞ւ Հայաստանի հեռատեսիլէն խօսելու չեն հրաւիրեր:

2 նոյեմբեր 2018

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Նոյեմբեր 1968)

Յաջորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.