Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոհամետ Պըն Սալման Էրտողանէն Խնդրեց Արժանթինի Մէջ Հանդիպում Ունենալ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

November 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը չի հաւատար, թէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուածները իրենց ոճիրը գործած են ինքնագլուխ` շեշտելով, որ Թուրքիա այդ առնչութեամբ փաստեր ունի:

Չաւուշօղլու գերմանական «Սուտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն խնդրած է հանդիպում ունենալ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ` Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ Էրտողան պատասխանած է. «Կը նայինք»:

Մինչ այդ, բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, որ Արժանթինի մէջ դատախազները կ՛ուսումնասիրեն պըն Սալման իշխանին դէմ պատերազմական յանցագործութիւններու իրագործման եւ խաղաղ բնակչութիւնը չարչարանքներու ենթարկելու վերաբերեալ մեղադրանքներ առաջադրելու հարցը:

«Հիումըն Ռայթց Ուոչ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը գրաւոր դիմում ներկայացուցած է դաշնակցային դատախազին` նշելով, որ Արժանթինի դատարանները գահաժառանգին պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկեն Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած Արաբական դաշինքի զինուորական արշաւին պատճառով քաղաքայիններու զանգուածային սպանութիւններուն, սեփական երկրի քաղաքացիները չարչարանքներու ենթարկելու, ինչպէս նաեւ Խաշոկճիի սպանութեան համար:

Այժմ դատախազները պէտք է որոշեն` արդեօք կարելի՞ է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին նկատմամբ այդպիսի իրաւական գործողութիւն կատարել:

Արդարադատական համակարգին մօտիկ աղբիւրներ` մեկնաբանելով տեղեկութիւնը, յայտնած են, որ ատիկա բաւական բարդ հարց է:

 

Նախորդը

«Ծերակոյտը Պիտի Քննարկէ Աւելցնել Պըն Սալմանը Թիրախ Դարձնող Նոր Օրէնք Մը» Կ՛ըսէ Քորքըր

Յաջորդը

Մինչ Ուաշինկթըն Փութինին Եւ Փորոշենքոյին Կոչ Կ՛ուղղէ Բանակցելու. Փութին «Խոր Մտահոգութիւն» Կը Յայտնէ Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Դրութեան Հաստատման Նկատմամբ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.