Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Ելեւմտական Խնդիրներու Պատճառով Շուրջ 120 Առեւտրական Մեծ Կեդրոններ Կրնան Գրաւուիլ Դրամատուներուն Կողմէ

November 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ ելեւմտական խնդիրներու պատճառով շուրջ 120 առեւտրական մեծ կեդրոն կրնայ անցնիլ վարկատու դրամատուներուն ձեռքը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը:

Հարցն այն է, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` առեւտրական կեդրոններուն մէջ տարածքի վարձակալութեան պայմանագիրները միայն թրքական լիրայով կնքելու նախաձեռնութիւնը մեծ հարուած հասցուցած է առեւտուրի կեդրոններու տէրերուն, որոնք ամերիկեան տոլարին դիմաց բաւական արժեզրկուած լիրայով գործարքներ կատարելու ընթացքին կրած են շուրջ 15 միլիոն թրքական լիրայի վնաս:

Աղբիւրը կը նշէ, որ ելեւմտական լուրջ խնդիրներու պատճառով բազմաթիւ առեւտուրի կեդրոններու տէրերը թերեւս չկարողանան վճարել իրենց դրամատնային վարկերը, ճգնաժամային այս իրավիճակին մէջ երկրին մէջ գործող շուրջ 120 առեւտուրի մեծ կեդրոն կրնայ ամբողջութեամբ անցնիլ վարկատու դրամատուներուն ձեռքը:

Յիշեցնենք, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու լարուածութեան լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ կիրարկուած տնտեսական պատժամիջոցներուն իբրեւ հետեւանք թրքական լիրան անցեալ ամիսներուն տոլարի դիմաց արձանագրած էր մրցանշային անկում:

Այժմ, թէեւ պատժամիջոցները վերցուած են, սակայն տակաւին կարելի չէ եղած ամբողջութեամբ վերականգնել թրքական լիրային արժէքը:

Տնտեսութեան մէջ տոլարէն կախեալութիւնը նուազեցնելու համար Էրտողան խստիւ արգիլած էր առեւտուրի կեդրոններուն մէջ տոլարով վարձակալութեան գործարքներ կատարել` սպառնալով պատժիչ քայլեր կիրարկել հրահանգին չենթարկուողներուն նկատմամբ:

 

Նախորդը

Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի. Տահլան Լիբանանէն Եկած Խումբի Մը Ճամբով Մեղսակից Եղած Է Խաշոկճիի Սպանութեան

Յաջորդը

«Բրիտանիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան Ապահարզանը Կրնայ Վնասել Ուաշինկթընի Եւ Լոնտոնի Միջեւ Առեւտուրին» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.