Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովութեան Խորհուրդին Համապատասխան Որոշումներ Տալու

November 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց թշնամի Իսրայէլի հրապարակած այն խոստովանութիւնը, թէ իսրայէլեան ուժեր 1982-ին Լիբանանի հիւսիսային սահմաններուն մօտ` Թրիփոլիի հանդիպակաց շրջանին մէջ ծովամոյն դարձուցած են գաղթականներ փոխադրող նաւ մը եւ պատճառած 25 անձերու մահը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան ցաւով ու կսկիծով կը յիշէ այդ դէպքը եւ անգամ մը եւս կը փաստէ քաղաքայինները սպաննելու իր արարքներով ծանօթ թշնամիին պատմութիւնները:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Ապահովութեան խորհուրդին ու անոր անդամ երկիրներուն դատապարտելու Իսրայէլը եւ այդ իմաստով համապատասխան որոշումներ տալու, որպէսզի անոր գործած ոճիրները անպատիժ չմնան:

«Լիբանանը եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` իբրեւ դիւանագիտական լծակ, ամուր պաշտպանը պիտի ըլլան երկրին ու լիբանանցիին` իսրայէլեան որեւէ բռնարարքի դիմաց», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, թէ կարեւորը այն է, որ երիտասարդները ի շահ հայրենիքին ծառայեն:

Ան ըսաւ, որ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն քուէարկութեան մասնակցած լիբանանցի երիտասարդներուն թիւը բաւական քիչ էր` աւելցնելով, որ ատիկա ցուցանիշ է, թէ քաղաքական կուսակցութիւնները գրաւչութիւնը չունին երիտասարդ տարրը իրենց մօտեցնելու:

Պասիլ շեշտեց, թէ երիտասարդներուն մէջ կայ համեմատութիւն մը, որ ոչ մէկ վստահութիւն ունի ընտրութիւններուն վրայ եւ կը հաւատայ, որ բոլոր քաղաքականութիւնները կանխաւ ծրագրուած են:

«Այս ընթացքին պատասխանատու ենք բոլորս, եւ ինչպէս որ այս հարցին պատասխանատու ենք, պէտք է պատասխանատու ըլլանք նաեւ այդ հարցին լուծման, որովհետեւ քաղաքական աշխատանքը կարելի չէ իմաստաւորել, եթէ երիտասարդութեան դերակատարութիւն չընծայուի», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց նաեւ, որ կարելի չէ երիտասարդութեան համար իրագործումներ ապահովել` առանց անոնց հետ համաձայնելու: «Երիտասարդութիւնն է մեր հարստութիւնը, ան կը պարունակէ փոփոխութիւն իրականացնելու եւ յեղաշրջում կատարելու կարողութիւնը, որովհետեւ երիտասարդները սխալ իրականութեան չեն ընտելանար: Երիտասարդներն են դրական ու արդիւնաբեր ներուժը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը կը գտնուին ազգային հսկայ աշխատանքի դիմաց:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Կողմէ Ռուսական Զինուորական Օժանդակութիւն Մերժելու Հարց

Յաջորդը

«Վարչապետը Յանձնառու Է Երկրին Ազգային Շահերուն Պաշտպանութեան» Շեշտեց Տահեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.