Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակը

November 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհաւորեց լիբանանցիները` երկրին անկախութեան 75-ամեակին առիթով:

Հըզպալլա փառաբանեց Լիբանանի եւ անոր անկախութեան ու ազատագրումին համար ինկած նահատակները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կերտել եւ պահպանել Լիբանանի անկախութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր շնորհիւ 2000-ին կարելի եղաւ ազատագրել հարաւային Լիբանանը, 2006-ին յաղթել թշնամի Իսրայէլին, իսկ 2017-ին այդ յաղթանակը ամբողջացնել` տապալելով հաւատադրժողական ահաբեկիչները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս առիթը բոլոր լիբանանցիներուն կը պարտադրէ միասնականութեամբ եւ ազգային համագործակցութեամբ պահպանել Լիբանանի անկախութիւնը` կառչած մնալով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին, ինչպէս նաեւ ազգային համերաշխութեան ու գոյակցութեան իրականութեան:

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ
Վարչապետ Հարիրիին Իրապաշտութեամբ Կազմելու Իր Կառավարութիւնը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախանցեալ օր նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ անկախութիւնը ազգային իսկական արժէք մըն է, որ պէտք է պահպանել:

Պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին իրապաշտութեամբ կազմելու իր կառավարութիւնը` առանց փակելու հաւանական լուծումներու դռները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը կը զօրակցի անկախ սիւննի երեսփոխաններուն կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իրաւունքին` հաստատելով, որ կառավարութեան մէջ անոնց ներկայացուցչութեան մերժումը ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ կարելի չէ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցը շրջանցել` ընդգծելով, որ զանոնք կառավարութեան մէջ ներկայացնելու առումով հիմնական պատասխանատուն վարչապետ Սաատ Հարիրին է:

 

 

Նախորդը

Խորհրդակցական Հանդիպումը Պաշտօնական Հանդիպում Խնդրած Է Վարչապետի Գրասենեակէն

Յաջորդը

Զօր. Աուն Բանակին Ուղղեց Օրուան Հրահանգը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.