Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը երէկ յայտարարեց, թէ իր թագաւորութիւնը կը զօրակցի Եմէնի պատերազմին վերջ տալու ՄԱԿ-ի ջանքերուն:
Թագաւորը աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիան կոչ կ՛ուղղէ գտնելու քաղաքական լուծում մը, որ Սուրիան դուրս կը բերէ իր տագնապէն եւ զայն կը հեռացնէ ահաբեկչական խմբաւորումներէն ու արտաքին միջամտութիւններէն:
Ան յայտնեց, որ պաղեստինեան դատը պիտի շարունակէ մնալ թագաւորութեան առաջին դատը, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` կասեցնելու Իրանի հիւլէական եւ թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը քայքայող գործունէութիւնը: «Իրանեան վարչակարգը կը շարունակէ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտել եւ ահաբեկչութիւնը հովանաւորել, ինչպէս նաեւ շրջանային շարք մը երկիրներու մէջ քաոս եւ աւեր յառաջացնել», շեշտեց ան:
Անուղղակիօրէն անդրադառնալով սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցին` Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը ողջունեց «արդարադատութիւնն ու ընդհանուր դատախազութիւնը` արդարութեան ի խնդիր իր պարտականութիւնները կատարելուն համար»:
Եմէնի մէջ յեղափոխական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Ալի Հուսի նախապէս պատրաստակամութիւն յայտնած էր «բոլոր ճակատներուն վրայ» զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու, «եթէ նախայարձակումի (Արաբական, «Ա.») դաշինքը խաղաղութիւն ուզէ»:
Սէուտական զօրակցութիւն վայելող Ապտռապպօ Մանսուր Հատիի կառավարութիւնը երէկ իր կարգին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի Շուէտի մէջ նախատեսուած խաղաղութեան բանակցութեան:



