Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Մինասեան. «Վստահ Եմ` Դաշնակցութիւնը Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Հետապնդէ Պարտադիր Կուտակայինի Վերացման Հարցը»

November 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նախկին իշխանութիւններուն օրով Դաշնակցութիւնը հազարաւոր երիտասարդներու հետ մասնակցեցաւ «Դէմ եմ» շարժման ցոյցերուն` ուղղուած պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին դէմ:  ՀՅԴ-ն նոյնիսկ Սահմանադրական դատարանին մէջ այդ բողոքը վիճարկեց,  իսկ հետագային  նոր իշխանութիւնը, որ նոյնպէս դէմ էր այդ համակարգին, անորոշ ժամանակով կրկին հաստատեց պարտադիր կուտակային համակարգը»: Այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախկին նախարար, ՀՅԴ-ի անդամ Արծուիկ Մինասեանը` պատասխանելով «այս հարցին մէջ Դաշնակցութիւնը զիջա՞ծ է իր դիրքերէն» հարցումին, որ ուղղուած էր «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնած «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդաշարին ընթացքին:

«Իբրեւ Դաշնակցութիւն եւ ընկերվարական հայեացքներով քաղաքական ուժ` մենք չէինք կրնար անտարբեր մնալ նման վատ եւ ոեւէ քաղաքացիի լաւ բան չխոստացող համակարգի նկատմամբ, ինչպէս է պարտադիր կուտակայինը», աւելցուցած է ան:

Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով օրէնսդրական այդ փաթեթին դէմ բողոքող երիտասարդներուն` Մինասեան յիշեցուցած է Սահմանադրական դատարանին մէջ այդ հարցին մէջ իրենց ունեցած յաղթանակին մասին:

Անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ օրուան իշխանութիւնները հետագային ամբողջութեամբ չգործադրեցին Սահմանադրական դատարանի որոշումները` Մինասեան յայտնած է, որ ամէնէն կարեւոր, սկզբունքային հարցերէն մէկը նաեւ այն էր, որ, որպէս սերունդներու համերաշխութիւն երաշխաւորող երկիր, պէտք է կարենանք ապահովել բոլոր սերունդներու համագործակցութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Անոր համաձայն, մեր կենսաթոշակառուներուն պէտք է ապահովենք բարձր կամ բնական թոշակ, որպէսզի անոնք ունենան բարեկեցիկ ապրելու կարելիութիւն, իսկ եթէ այսօր այդ մէկուն երաշխիքը չտանք եւ համապատասխան քայլերու չդիմենք, 30 տարի ետք յանկարծ բան մը չի կրնար փոխուիլ:

Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ այս հարցի քննարկման անդրադառնալով` ան ըսած է. «Կ՛ուզեմ արձանագրել, որ առաջին անգամն էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց  այս հարցին քննարկման ենթակայ ըլլալը: Ոեւէ մէկը չէ զիջած իր դիրքերը, մենք ընդամէնը կրցած ենք հասնիլ հոն, որ կառավարութիւնը, ի դէմս` վարչապետին, հրապարակաւ յայտարարեց, թէ ասիկա քննարկման ենթակայ հարց է, եւ մինչեւ վերջնական որոշում կայացնելը մենք պէտք է փորձենք մեղմել վճարում կատարողներուն բեռը: Սակայն կ՛ուզեմ նաեւ տեղեկացնել, որ մինչեւ իմ` կառավարութեան անդամի կարգավիճակի դադրեցումը, աշխատանքային բազմաթիւ քննարկումներ կատարուած են, նաեւ ճշդուած է հայեցակարգ, որուն մէջ մենք ցոյց կու տայինք պարտադիր կուտակայինի թերի, սխալ կողմերը, անոր ընկերային, իրաւական բացասական կողմերը: Կ՛առաջարկէինք, որ այս հայեցակարգը ընդունուի, որովհետեւ ծայրայեղ պարագային, եթէ անգամ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ գնահատելու անոր վատ ըլլալը (հակառակ անոր որ նախարարներուն մէկ մասը անոր վատ ըլլալուն համոզուած էին), դնենք հանրաքուէի` թող հասարակութիւնը որոշէ»:

Մինասեանը նաեւ յոյս յայտնած է, որ  ներկայիս կառավարութիւնը այս գաղափարէն չէ հրաժարած` նկատի ունենալով, որ վարչապետ Փաշինեան այն ժամանակ դիմումին տակ ստորագրած էր:

«Վստահ եմ` Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ եւս պիտի հետապնդէ այս նպատակ, որպէսզի այս արատաւոր համակարգը հեռանայ, եւ մենք ունենանք կենսաթոշակային այնպիսի համակարգ մը, որ իւրաքանչիւր կենսաթոշակառու կարենայ վստահ ըլլալ, որ պետութիւնը իր ուսերուն առած է ապագային իր` բարեկեցիկ ապրելու հոգը», նշած է ան:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Մարտական Յենակէտ

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակի Անդամներուն Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.