Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 16-20 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Արաբական հեծելարշաւի լեռնային 2-րդ ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Օման:
Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն է Նազարէթ Հապիպեան, մինչ անոր կ՛ընկերակցին նաեւ ֆետերասիոնի անդամներ Քայսար Սալլում եւ Ռոպեր Փաթափութեան:
Իսկ մարզիկներն են` Էմիլ Տաու, Զահեր Հաժ (մեծերու մրցաշարք), Շարպել Պաթիշ (երիտասարդներ) եւ Մարուա Հաժ (աղջկանց): Խումբին հետ մեկնեցան նաեւ մարզիկներ Ռաֆիք Իտ եւ Իսամ Ապու Ժաուտէ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, որ ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարին օգնականն է:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող եօթը երկիրներն են` Օման, Մարոք, Պահրէյն, Քաթար, Յորդանան, Լիբանան եւ Թունուզ:
Այստեղ պէտք է նշել, որ այս ախոյեանութեան աւարտին Լիբանանի պիտի յանձնուի անոր դրօշակը` նկատի ունենալով, որ երրորդ ախոյեանութիւնը յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ մարզիկները այս ախոյեանութեան ընթացքին իրենց արձանագրած արդիւնքներուն ի տես պիտի ստանան միջազգային կէտեր:



