Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ի Որոշումները Կը Բխին Միայն Ու Միայն Հայութեան Եւ Հայաստանի Շահերէն»

November 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնած «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդաշարը 14 նոյեմբերին հիւրընկալած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:

Զրոյցին ընթացքին Համբարձումեան անդրադարձած է Դաշնակցութեան դէմ հակաքարոզչութեան` նշելով, որ ՀՅԴ-ին դէմ այդ երեւոյթը պարբերաբար կը սանձազերծուի եւ խորքին մէջ չունի որեւէ հիմք:

«Պարզապէս բան մը շատ ըսելու պարագային կ՛արմատաւորուի մարդոց գիտակցութեան մէջ, եւ յետոյ անոնց բացատրութիւններ տալու համար երկար ժամանակ կը պահանջէ: Ես ձեզի կը վստահեցնեմ` ՀՅԴ-ի հասցէին որեւէ սուր քննադատութիւն հիմնաւոր չէ, եւ այդ բոլոր հարցերը ունին իրենց յստակ պատասխանները», նշած է ան:

Գրեթէ տարբեր առիթներով եւ տարբեր ժամանակներու կը հնչէ «Դաշնակցութիւնը մեղաւոր է» արտայայտութիւնը, իսկ Դաշնակցութիւնը իսկապէ՞ս մեղաւոր է հարցումին պատասխանելով` Համբարձումեան յայտնած է. «Ըսեմ, թէ ո՛ր հարցերուն մէջ մենք մեղաւոր ենք: Երեւի մեղաւոր ենք, որ Դաշնակցութեան ստեղծումէն ետք հայութիւնը, կրօնական ու դաւանական համայնք ըլլալէ բացի, ստեղծած է պետութիւն: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ 70 տարի տարագիր հայութիւնը մնացած է հայ: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ արցախեան ազատամարտին ընթացքին` Գետաշէնի մէջ, մարդիկ քարերով կը զարնէին դաշնակցականներուն` զէնքով պայքարի սկսելնուն համար. մենք Արցախի մէջ յաղթեցինք: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ մեր ընկերներուն 20 տոկոսը նահատակուեցաւ Արցախի մէջ: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ մենք անցնող տարիներուն թալանով չենք զբաղած: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ, իշխանութեան մէջ ըլլալով, անախորժելի դէմքեր չենք ունեցած: Այս «մեղքերուն» շարքը կրնամ թուել: Այլ խօսքով` այս ձեռքբերումներուն կողքին կրնան ըլլալ նաեւ բացթողումներ, կարելի չէ չունենալ զանոնք: Մենք այդ քաջութիւնն ալ ունինք` խոստովանելու, թէ կարգ մը հարցերու մէջ չենք յաջողած: Ոչ մէկ խնդիր ունինք այդ առումով, բայց մենք որեւէ «մահացու մեղք», ճակատագրական սխալ չենք գործած»:

Համբարձումեանի համաձայն, իսկութեան մէջ խնդիրը այն է, որ Դաշնակցութենէն միշտ ալ եղած են գերագնահատուած ակնկալութիւններ: «Ժողովուրդը միշտ ալ Դաշնակցութենէն աւելի կը սպասէ, քան մենք կրցած ենք տալ, երեւի մեր մեղքը հոս է:  Նոյնիսկ առաւելագոյն ջանքեր ի գործ դնելու պարագային մենք չենք կրցած բաւարարել այն ակնկալութիւնները, զորս ունեցած են Դաշնակցութենէն: Երբ կը խօսիմ մեղքերու մասին, լաւ պիտի ըլլայ ամէն ինչ համեմատութեան մէջ տեսնել` ո՛վ ինչ ուղիով անցած է, ո՛վ ինչ խոստացած, ո՛վ ինչ ըրած է, ո՛վ ինչ ըսած է եւ որքանո՛վ հետամուտ եղած է անոր: Ես կը վստահեցնեմ` դուք վերջին 28 տարուան ընթացքին քաղաքական որեւէ կեցուածք չէք կրնար նշել, խօսքը ՀՅԴ-ի որդեգրած սկզբունքային, կարեւոր հարցերուն առնչուած մօտեցումներուն մասին է, որ մենք յետոյ արմատապէս վերանայած կամ փոխած ըլլանք: Մեր մօտեցումները ժամանակի հրամայականով միշտ կրնան թարմացուիլ, արդիականացուիլ, խմբագրուիլ, բայց փոխուիլ` երբե՛ք: Ասոր համար ալ Դաշնակցութիւնը Դաշնակցութիւն է: Եւ եթէ հիմա մէկը չ՛ախորժիր այդ առումով Դաշնակցութեան կեցուածքէն, կամ մէկու մը համար հասկնալի չէ, ատիկա մեր խնդիրը չէ: Մենք պիտի շարունակենք մեր ուղիով ընթանալ: Կը կարծեմ` ժամանակի ընթացքին շատեր պիտի համոզուին մեր ճշմարտացիութեան», ըսած է Համբարձումեան` շեշտելով, որ ՀՅԴ-ի որոշումները կը բխին միայն ու միայն հայութեան եւ Հայաստանի շահերէն:

 

 

Նախորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Մենք Հողին Եւ Հայուն Համար Կռուող Կուսակցութիւն Ենք` Արդէն 128 Տարի»

Յաջորդը

Մուրատ Փափազեան. «Դաշնակցութիւնը Անպաշտօն Եւ Լրջագոյն Դիւանագիտութիւն, Ուժ Է` Ի Նպաստ Հայ Ժողովուրդի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.