Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով 11 անձեր ամբաստանեց եւ պահանջեց մահապատիժի ենթարկել անոնցմէ 5-ը:
Դատախազութիւնը նշեց, որ ամբաստանեալները Սէուտական Արաբիոյ հետախուզութեան նախկին փոխնախագահին հրամանով կազմած են Խաշոկճին Սէուտական Արաբիա վերադարձնելու խմբակ մը, որուն ղեկավարը որոշած է սպաննել զինք, երբ ձախողած է համոզել Խաշոկճին: Սպանութիւնը տեղի ունեցած է «կռիւի եւ ասեղով ներարկման ճամբով»` աւելցնելով. «Խաշոկճիին մեծ քանակով թմրեցուցիչ ներարկուած է, ինչ որ պատճառ դարձած է անոր մահուան»:
Ընդհանուր դատախազութիւնը ընդգծեց, որ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանը Խաշոկճիի սպանութեան մէջ որեւէ դեր չունի:
Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազի տեղակալ Շալաան Ռաժիհ Շալաան Ռիատի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին չնշեց ամբաստանեալներուն անունները, սակայն յայտնեց, որ անոր սպանութիւնը հրամայողը Խաշոկճիի ինքնակամ աքսորէն Սէուտական Արաբիա վերադառնալ համոզելու համար գործուղուած «բանակցութեան խմբակի ղեկավարն էր»: Ան աւելցուց. «(Գահաժառանգը) ատոր մասին որեւէ տեղեկութիւն չունէր»:
Չաւուշօղլու. «Խաշոկճիի Սպանութիւնը Կազմակերպուած Էր»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազութեան կարգ մը յայտարարութիւնները «գոհացուցիչ չեն»:
«Խաշոկճիի սպանութիւնը կանխաւ ծրագրուած էր, եւ պէտք է բացայայտել սպանութիւնը հրամայողներն ու զայն գործադրողները», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Ան ըսաւ, թէ տակաւին սէուտցի լրագրողին դիակի գտնուած վայրին մասին հարցումները կը մնան անպատասխան, եւ հարց տուաւ.«18 անձեր ձերբակալուեցան, ուստի ինչո՞ւ միայն 5 անձեր մահուան դատապարտուեցան»:
Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը մտադիր է այսօր պատժամիջոցներ հաստատել 17 սէուտցիներու դէմ` սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան իրենց մեղսակցութեան համար»:
«Ամերիկեան պատժամիջոցներուն մէջ պիտի ներառուին Սէուտական Արաբիոյ արքունիքի նախկին խորհրդական Սէուտ Քահթանի եւ Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոս Մոհամետ Օթէյպի», ըսած է աղբիւրը:
Մինչ այդ, ամերիկացի ծերակուտական Ռանտ Փոլ յայտարարեց. «Պիտի ընդդիմանամ Պահրէյնին զէնքերու վաճառքին` նկատի ունենալով, որ ան մաս կը կազմէ Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած դաշինքին»:
«Ես չեմ գիտեր, թէ շրջանին մէջ ամէնէն չար երկիրը որ մէկն է, Սէուտական Արաբիա՞ն, թէ՞ Իրանը», հարց տուաւ ան` աւելցնելով. «Իրանցիները դէպի արեւմուտք աւելի բացուած են` բաղդատմամբ Սէուտական Արաբիոյ»:
Արաբական լիկան երէկ ողջունեց «սէուտական քայլերուն լրջութիւնը»:



