Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Պրազիլի կրան փրին աւարտեցաւ Մերսետեսի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով:
Ախոյեանութեան տիտղոսը ժամանակէն շուտ ապահոված Հեմիլթընին յաջորդեց Ռետ-Պուլի ներկայացուցիչ Մաքս Վերսթափենը, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ֆեռարիի ֆինլանտացի վարորդ Քիմի Ռայքոնըն:
Նշենք, որ այս կրան փրիին արդիւնքին լոյսին տակ, Մերսետես ապահովեց խումբերու տիտղոսն ալ, յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով:



