Կիրակի, 11 նոյեմբերին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի չորս մրցումները:
Գանձասար – Կապան 3-0 արդիւնքով յաղթեց Բանանցի: Նշենք, որ նախքան այս մրցումը, Գանձասար – Կապան կոլ չէր նշանակած… 40 օրէ ի վեր:
Փիւնիկ – Երեւան 1-0 արդիւնքով յաղթեց Լոռիին, Շիրակ – Գիւմրի, նոյն արդիւնքով` Արարատ – Արմենիային, մինչ Ալաշկերտ – Արցախ հանդիպումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Ալաշկերտ այժմ 29 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Ապահովելով 27 կէտ, Փիւնիկ բարձրացաւ երկրորդ դիրք: Բանանց երրորդ է (26 կէտ), իսկ Լոռի` չորրորդ (24 կէտ): Շիրակ ունի 19 կէտ, Արարատ – Արմենիա` 17, Գանձասար – Կապան` 13, Արցախ` 12, իսկ Արարատ` 7:
Նշենք, որ այս շաբաթավերջին ախոյեանութեան գծով մրցումներ չկան: 17-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան 24-25 նոյեմբերին:



