Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում ունեցած են Փարիզի Ելիսեան պալատին մէջ, ուր ղեկավարները կը մասնակցէին Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լայֆ» կայքը:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ ղեկավարի հետ իր խօսակցութեան` Իսրայէլի վարչապետը ընդգծած է. «Մեր զրոյցը հիանալի, բովանդակալից եւ կարեւոր էր»: Սակայն այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած:
Նշենք, որ ասիկա Փութինի եւ Նեթանիահուի առաջին հանդիպումն է 17 սեպտեմբերին Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի «Իլ-20» օդանաւի կործանումէն ետք, երբ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ 15 զինուորներու մահուան պատճառ դարձած միջադէպը տեղի ունեցած է իսրայէլեան օդուժին պատճառով:
Նեթանիահու իր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Եթէ Կազայի մէջ հանդարտ կացութիւնը չշարունակուի, ապա Իսրայէլ շատ մեծ ուժի կիրարկման պիտի դիմէ»:
Ան ըսաւ, որ իր երկրին նպատակը Կազային մէջ երկարատեւ զինադադարի հաստատման հասնիլն է:
Նշենք, որ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժ մը ներթափանցած էր Խան Եունեսի արեւելեան բաժին եւ ահաբեկած Համասի զինեալ թեւ` Քասամի փաղանգներու հրամանատարներէն Նուր Պարքան: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ գործողութեան նպատակը զինք առեւանգելն էր եւ ոչ թէ սպաննելը, «սակայն ուժը յայտնաբերուեցաւ, եւ գործողութիւնը բարդացաւ»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան «Պողպատեայ գմբէթ» համակարգը կիրակի գիշեր յաջողած է Կազայէն արձակուած 17 հրթիռներէն միայն երեքը վնասազերծել:



