Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Ահաբեկումներ Ծրագրած Է

November 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք մօտիկ են գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանին, անցեալ տարի գործարարներէ հետաքրքրուած են թագաւորութեան թշնամի իրանցիներ ահաբեկելու նպատակով անձնական ընկերութիւններ օգտագործելու կարելիութեան մասին: Օրաթերթը տեղեակ պահած են այս քննարկումներուն ծանօթ երեք անձնաւորութիւններ:

Քննարկումը տեղի ունեցած է Խաշոկճիի սպանութենէն աւելի քան մէկ տարի առաջ, երբ պըն Սալման իր խորհրդականներուն ցուցմունք տուած է արտասահմանի մէջ զինուորական եւ գաղտնի սպասարկական գործողութիւններու մագլցում արձանագրելու: «Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, որ սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատարները ահաբեկումներու հարցը սկսած են քննարկել պըն Սալմանի պաշտօնավարութեան սկիզբէն ի վեր:

Քննարկումներուն ընթացքին զօր. Ահմատ Օսէյրի հարց տուած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի Քուտս ջոկատի հրամանատար զօր. Քասեմ Սլէյմանը ահաբեկելու կարելիութեան մասին:

Քննարկումները մաս կը կազմէին գաղտնի սպասարկական անցեալ ունեցող ամերիկացի գործարարներու կողմէ իրանեան տնտեսութիւնը քանդելու ծրագիրի քննարկման նպատակով գումարուած ժողովներուն: Վերջիններս ուզած են այդ ծրագիրներուն գործադրութեան համար սէուտական ֆինանսաւորում ապահովել, սակայն մերժած են զօր. Ասիրիի ահաբեկումներ կատարելու  ծրագիրը` պահանջելով խորհրդակցիլ իրենց փաստաբաններուն հետ, որոնք կտրուկ կերպով մերժած են նման բան:

Ամերիկացիները սէուտցիներուն յայտնած են, որ ահաբեկումներուն մասնակից պիտի չըլլան, սակայն լիբանանցի-ամերիկացի գործարար Ժորժ Նատեր գործողութիւններու գործադրութեան համար յանձնարարած է Լոնտոնի մէջ ընկերութիւն մը, որուն տէրերը բրիտանական Յատուկ գործողութիւններ ուժերու նախկին անդամներ են:

Նատեր ինք դասաւորած է հանդիպումը, պըն Սալմանի հետ տեսակցելէ ետք, եւ Իրանի վերաբերեալ ծրագիրը ներկայացուցած է ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնատարներուն:

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը նշէ, որ Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններուն հետ ուժեղ կապեր ունեցող իսրայէլացի Ճօ Զամել եւս մասնակցած է նշեալ հանդիպումներուն:

Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան բանբերը մերժած է մեկնաբանել լուրը:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Ելեւմուտքի Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Եւրոպան «Կայսրութիւն» Դարձնելու

Յաջորդը

Նեթանիահու «Հիանալի, Բովանդակալից Եւ Կարեւոր» Կը Նկատէ Փութինի Հետ Իր Զրոյցը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.