Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ բազմաթիւ թուրք նախարարներ կը նախընտրեն հեռաձայնել «ՈւաթցԱփփ»-ի միջոցով, որովհետեւ կը վախնան գաղտնալսումէ:
Թրքական «Թէ24» կայքը կը հաղորդէ, որ խորհրդարանին մէջ իշխող կուսակցութեան անդամներուն զգալի մասը որեւէ ձեւով չէ հակադարձած Փայլանին եւ չէ շտապած հերքել անոր խօսքը:
«Տեսէ՛ք, ես շատ անգամ ատոր վկան եղած եմ, բոլորը, ներառեալ` կուսակցութեան երեսփոխանները, կը խօսին «ՈւաթցԱփփ»-ով: Թող ըսեն, թող հերքեն: Այդ նախընտրութիւնը ահա ուրկէ կու գայ. չեն վստահիր, կը մտածեն` ժամանակ մը կիւլենականները կը գաղտնալսէին, յետոյ ուրիշները, հիմա ո՛վ գիտէ, ո՛վ կը լսէ», ըսած է Փայլան:
Ուշագրաւ է, որ խորհրդարանի պիւտճէի հարցերով յանձնախումբի նախագահ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Սիւրէյա Սատի Պիլկիչ համաձայն գտնուած է Կարօ Փայլանին. «Ճիշդ էք, յարգելի՛ Փայլան, «ՈւաթցԱփփ»-ը ոչ ոք կը գաղտնալսէ»:
Ան նոյն ատեն նշած է, որ ուղիղ հեռաձայնային կապով կամ այլ յաւելուածով հեռաձայնելը երեսփոխաններու, նախարարներու եւ այլ պաշտօնատարներու անձնական նախընտրութիւնն է եւ իրաւունքը:



