Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուզան Առաքելեան. «ՀՅԴ-ն Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Առանձին, Առանց Դաշինքի»

November 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լրագրող Գոհար Հայրապետեան «Առաջին լրատուական»-ին մէջ հանդէս եկաւ մեկնաբանութեամբ, որ «Հայաստանի քաղաքական դաշտը աշխուժօրէն կը պատրաստուի  արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Կը ստեղծուին նոր կուսակցութիւններ, կը ձեւաւորուին նոր դաշինքներ: Քաղաքական դաշտի հնաբնակներէն, ի թիւս այլոց, տակաւին միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը չէ յայտնած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան մասին»:

Պատասխանելով լրագրողի այն դիտարկումին, թէ տպաւորութիւնը այնպէս է, որ այս գործընթացներէն ՀՅԴ-ն ոգեւորուածներէն չէ, եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու  արդիւնքներէն դատելով` տպաւորութիւն ստեղծուած էր, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չմասնակցի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, այսպէ՞ս է, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեանը ըսաւ. «Ո՛չ, որեւէ կապ պէտք չէ տեսնել Երեւանի աւագանիի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն միջեւ, որովհետեւ եթէ մենք աւագանիի ընտրութիւններուն կը մասնակցէինք մտահոգութիւն ունենալով Երեւան քաղաքի խնդիրները` կարեւոր նկատելով մեր դերակատարութիւնը Երեւանի ապագային հանդէպ, ապա խորհրդարանական ընտրութիւններուն, անշուշտ, Երեւան քաղաքի մտահոգութիւնները դարձեալ մերը կը նկատենք, բայց ասիկա  շատ աւելի քաղաքական ընտրութիւն է, քաղաքական կուսակցութիւններու պայքար է, մանաւանդ որ մեր երկիրը խորհրդարանական կառավարման ձեւի մէջ է»:

«Մենք արդէն յայտարարած ենք ընտրութիւններուն մեր մասնակցութեան մասին: Ինչպէս միշտ, պիտի մասնակցինք առանձին` առանց դաշինքի: Կը կարծեմ` այս քիչ մը ոչ բաց տեղեկութեամբ  հաղորդակից դարձնելը մեր ժողովուրդին պայմանաւորուած է անով, որ մենք տակաւին նախապատրաստական փուլի մէջ ենք` ճշգրտումներ կը կատարենք, ինչպէս բոլոր քաղաքական ուժերը` ե՛ւ վարկանշային  ընտրապայքարին մասնակցողներու հետ կապուած, ե՛ւ համամասնական ցանկին հետ կապուած: Ինչպէս բնական քաղաքական գործընթացները են, մենք նոյնպէս այս գործընթացին մէջ ենք», աւելցուց  Առաքելեան:

 

Նախորդը

Վիգէն Սարգսեան. «ՀՀԿ-ն Պիտի Մասնակցի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն»

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան Մասնակցած Է «Փարիզի Խաղաղութեան Համաժողով»-ի Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.