Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման եւ զօր. Տել Քոլ շեշտեցին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Սլէյման բարձր գնահատեց 40 տարիէ ի վեր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ծառայութիւնը Լիբանանի մէջ` ընդգծելով «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ Սլէյման դրուատեց լիբանանեան բանակին օժանդակող երկիրներուն ջանքերը` շեշտելով, որ լիբանանեան բանակը իր փորձառութեան ընդմէջէն փաստած է Լիբանանը պաշտպանելու իր ատակութիւնը:



