Աւստրիոյ մէջ Ռուսիոյ օգտին աշխատող լրտես մը եւս բացայայտուած է: Ըստ լրատուամիջոցներուն, վերջինս Սահմանադրութեան պաշտպանութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դաշնակցային ծառայութեան աշխատակից է, եւ գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած է իր ռուս ղեկավարներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ենթադրեալ լրտեսին անունը չի հրապարակուիր, Մոսկուա առայժմ կը մերժէ մեկնաբանութիւն կատարել:
Յիշեցնենք, որ ուրբաթ օր հաղորդուած էր, թէ Աւստրիոյ մէջ ձերբակալուած է 70 տարեկան պաշտօնաթող գնդապետ մը` տասնամեակներ շարունակ Ռուսիոյ օգտին լրտեսութիւն կատարելու կասկածով:
Գայթակղութիւնը լուրջ հարուած հասցուցած է ռուս-աւստրիական յարաբերութիւններուն, Աւստրիոյ իշխանութիւնները բացատրութիւն պահանջած են, երկրի արտաքին գործոց նախարարը ջնջած է դեկտեմբերին նախատեսուած Մոսկուա իր այցելութիւնը:
Ռուսիա կտրուկ կերպով հերքած է մեղադրանքները:



