Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

November 12, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն տարի կրթական վերամուտին յաջորդող առաջին մեծ ձեռնարկը Մեսրոպեանի մէջ նուիրուած կ’ըլլայ ազգային-եկեղեցական բացառիկ արժէք ներկայացնող Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, որուն առիթով կը մեծարուին հայ ժողովուրդի պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն` գիրերու գիւտն ու Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կատարած ոսկեդարու մեր մեծ հայրերը:

Հոկտեմբեր 24-ին նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, առանձնաբար կայացած երկու հաւաքներու ընթացքին, անհատական եւ խմբային երգերով, ասմունքով եւ թատերական պատկերով մը ոգեկոչեցին Սուրբ Մեսրոպի, Սուրբ Սահակի եւ անոնց գործակից աշակերտներուն յիշատակը: Բացման խօսքերու մէջ անոնք նշեցին, որ` «զանազան փոթորիկներէ անցած հայ ժողովուրդին յենարանը դարձած մեր լեզուն հիացուցած է օտարները իր հարստութեամբ, ճկունութեամբ եւ գեղեցկութեամբ, սակայն այսօր որպէս հետեւանք տարբեր ազդակներու, հայոց լեզուն նահանջի մէջ է, եւ հայկական մեր դիմագիծը` լրջօրէն վտանգուած: Ուրեմն, մեր` հայկական վարժարան յաճախող աշակերներուս պարտաւորութիւնն է կառչած մնալ մեր հաւատքին ու տէր կանգնիլ մեր լեզուին»:

Զոյգ հաւաքներուն խօսք առին գլխաւոր բանախօս  Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը եւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը: Անոնք կոչ ուղղեցին աշակերտներուն` լաւապէս ճանչնալ ոսկեդարու գրական, կրօնագիտական, իմաստասիրական եւ պատմաբանական ժառանգութիւնը եւ ընդհանրապէս Հայ մշակոյթի արժէքները, որոնք բովանդակութիւն կու տան հայու ինքնութեան եւ անոր կը շնորհեն իւրայատուկ տեղ մը` մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ: Անոնք սուրբ թարգմանիչները ներկայացուցին որպէս աստուածասիրութեան, եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, ուսումնատենչութեան, աշխատասիրութեան եւ նուիրուածութեան օրինակներ, յորդորելով հետեւիլ անոնց վարքին` յանուն Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին յառաջընթացին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1968)

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.